ՎԵՐԱՀՍԿՈՂԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔԱԿԱԶՄԵՐՈՒ ՏԱՐԲԵՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ

Բերձորի միջանցքը փակ պահելով, դէպի Արցախ ներթափանցման գործողութիւններ իրականացնելով, Ստեփանակերտէն դէպի Հին Շէն եւ Մեծ Շէն ծառայութիւն կատարող ոստիկանական մեքենան կրակահերթի տակ առնելով, գիւղատնտեսական աշխատանքներ տանող Արցախի քաղաքացիներուն վրայ կրակելով՝ Պաքու անմիջականօրէն կը հետապնդէ որոշ առաջադրանքներ:

Ա.- Հարթել Նախիջեւան-Ատրպէյճան Սիւնիքի վրայով ճանապարհը ո՛չ անպայման 9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտի սահմանած եղանակներով:

Բ.- «Միջանցք-միջանցքի դիմաց» կարգախօսի եզրաբանութեան վերափոխումով՝ անցքերու կարգավիճակներու նոյնացումն է, որ կ՚արծարծուի:

Ականներու կամ զէնքերու տեղափոխումը Հայաստանէն Ատրպէյճան բացայայտ պատրուակներ են՝ ապահովելու համար Բերձորի միջանցքին վրայ Ատրպէյճանի անցակէտեր տեղադրելը:

Այս անմիջական պահանջներէն աւելի հեռու կ՚երթայ Պաքու, երբ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ կը շարունակէ իր պահանջները:

Ա.- Հայկական զինեալ ուժերու հեռացում Արցախէն:

Բ.- Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային հսկողութեան դրութեան կիրարկում:

Ամբողջ հանգոյցը այս երկրորդ կէտին մէջ կը կայանայ: Սահմանային հսկողութիւնը հակամարտ կողմերու պարագային կ՚իրականացուի երրորդ կողմով, որուն սահմանագօտի ժամանման եւ գործառոյթներու ստանձնման համար անհրաժեշտ է երկու կողմերուն համաձայնութիւնը՝ այնպէս, ինչպէս Արցախի պարագային:

Հիմա Պաքու նման առաքելութիւն կ՚առաջադրէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքին: Այդ կը նշանակէ, որ նախ պէտք է ճշդել այն գօտին, ուր պիտի տեղակայուի վերահսկողութիւն իրականացնող առաքելութիւնը: Անշուշտ, պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ակնարկ չկայ առաքելութեան բաղադրութեան մասին։

Այս առաջադրանքը յստակօրէն կը շաղկապուի սահմանազատման-սահմանագծման գործընթացին: Սահմանի Հայաստանի հատուածին, առանց համաձայնեցնելու Ատրպէյճանի հետ, Եւրոպական Միութիւնը կ՚իրականացնէ հերթաբար դիտորդական, փաստահաւաքի, կարիքներու ուսումնասիրութեան եւ նման բնոյթի առաքելութիւններ: Այս բոլորը կանոնակարգելու համար Երեւան յատուկ պայմանագիր կնքելու առաջարկ կը կատարէ ԵՄ-ին՝ առաքելութիւններու գործարկման երկարատեւութիւնը հաստատելու համար: Իսկ Արցախի ուղղութեամբ Երեւան պարզ դարձուց, որ նուազագոյնը ՄԱԿ-ը պէտք է ուղարկէ միջգործակալական առաքելութիւն՝ թէ՛ Բերձորի միջանցքը եւ թէ՛ Արցախ։

Ատրպէյճան, որ ներխուժած է Հայաստանի տարածքներ, Արցախի ուղղութեամբ ներթափանցման գործողութիւններ կ՚իրականացնէ եւ Արցախի ուղղութեամբ կը կրակէ միաժամանակ վերահսկողութեան գործիքակազմ առաջարկելով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծին վրայ: Միջադէպերու եւ առաջարկուած առաքելութեան վայրերը տարբեր են:

Հայկական կողմի պահանջը Արցախի ուղղութեան վրայ կը կեդրոնանայ: Այսպէս, ըստ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, Ատրպէյճանի յարձակումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման երաշխիքներու ու անոնց մէջ միջազգային ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը:

Այդ երաշխիքներու կիրարկման համար, ուրեմն, անհրաժեշտ է միջազգային ներգրաւուածութիւն: Եւ կը շարունակէ կոչ յղելով միջազգային հանրութեան՝ դէպի Բերձորի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք խումբ գործուղելու:

Պաքու, ուրեմն, առանց միջազգային հանրութեան կոչ ընելու եւ առանց բնութագիր ճշդելու՝ վերահսկողութեան գործիքակազմ կ՚առաջարկէ ընդհանրապէս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծին՝ մինչ հայկական կողմը Արցախի մէջ եւ Բերձորի միջանցքին համար միջազգային ընտանիքէն կ՚ակնկալէ փաստահաւաք առաքելութիւն եւ ուղղակի ՄԱԿ-էն կ՚ակնկալէ միջգործակալական առաքելութիւն:

Կը թուի, թէ վերահսկողական գործիքակազմերու աշխարհաքաղաքական պարանաձգութիւնն է, որ կը սկսի:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Շաբաթ, Մարտ 11, 2023