ԵԷՄԷՆ. սիւննի-շիի հակամարտութեան ամերիկեան խաղադաշտը

Եէ­մէ­նի մէջ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը կը խօ­սի ա­րա­բա­կան նոր հանգ­րուա­նի մը մա­սին: Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սիւն­նի-շիի լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կը հա­սաւ իր գա­գա­թնա­կէ­տին, երբ ան­ցեալ 25 Մար­տին Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ սկիզբ ա­ռաւ «Վճռա­կա­մու­թեան փո­թո­րիկ» ա­նու­նը կրող զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը: Գոր­ծո­ղու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակն էր կա­սեց­նել շիի հու­սի­նե­րու ա­րա­գըն­թաց ներ­խու­ժու­մը մայ­րա­քա­ղաք Սան­հա­յէն ետք Եէ­մէ­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան երկ­րորդ քա­ղա­քը հա­մա­րուող Ա­տան քա­ղաքը, որ դար­ձած է երկ­րի օ­րի­նա­կան նա­խա­գահ Ապ­տէլ Ռա­պու Ման­սուր Էլ Հա­տիի կեդ­րո­նա­տե­ղին: Զի­նուո­րա­կան շար­ժու­մի սկսե­լէ ա­ռաջ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա յա­ջո­ղած էր զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը հո­վա­նա­ւո­րող քա­ղա­քա­կան մթնո­լորտ մը պատ­րաս­տել եւ այդ քա­ղա­քա­կան հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րուէր Ա­րա­բա­կան Լի­կա­յի 26-րդ ժո­ղո­վին: Խոր­քին մէջ Շարմ Էլ Շէյ­խի ժո­ղո­վը ա­րա­բա­կան նոր դի­մագ­ծին ա­ռա­ջին ե­րե­ւումն էր: Հոն նաեւ ե­րե­ւե­լի կը դառ­նար Ե­գիպ­տո­սի ա­րա­բա­կա­նու­թեան յա­ռա­ջա­տար եր­կիր ըլ­լա­լու դե­րին վե­րա­դար­ձը: Նա­խա­գահ Ապ­տէլ Ֆաթ­թահ Էլ Սի­սի կը խօ­սէր շատ յըս-տակ շեշ­տադ­րում­նե­րով եւ հա­մա­ժո­ղո­վի փակ­ման նիս­տին իր խօս­քը կ­­՚ա­ւար­տէր «Կեց­ցէ՛ ա­րա­բա­կան հա­մա­տի­րու­թիւն»ը ը­սե­լով: Գաղտ­նիք ալ չէ, որ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ Ե­գիպ­տո­սը իր ներ­քին տագ­նապ­նե­րէն դուրս բե­րե­լու ա­ռըն­թեր:

Վե­րա­դառ­նա­լով Եէ­մէ­նի տագ­նա­պին՝ պէտք է շատ ա­րագ ակ­նար­կով մը յի­շեց­նել շիի հու­սի­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք որ­պէս քա­ղա­քա­կան ուժ ա­ռա­ջին ան­գամ Եէ­մէ­նի թա­տե­րա­բե­մին վրայ ե­րե­ւե­լի դար­ձան 1992 թուա­կա­նին: Հու­սի­նե­րը ի­րենց հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րէն սկսեալ նաեւ կը կրեն այլ ա­նուն­ներ, ինչ­պէս՝ «Ան­սար Ալ­լահ» եւ «Շա­պապ Մու­մէն»:

Զայ­տի-շիի դա­ւա­նա­նքը կրող հու­սի­նե­րը ի­րենց ա­նու­նը ա­ռած են Հիւ­սէ­յին Էլ Հու­սիէն, որ 2004 թուա­կա­նին Եէ­մէ­նի կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն հետ տե­ղի ու­նե­ցած կռիւ­նե­րուն ըն­թաց­քին կը սպան­նուէր ծանր պայ­ման­նե­րու տակ: Սպան­ու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նար հու­սի­նե­րու լեռ­նա­յին կեդ­րո­նը հան­դի­սա­ցող Սահ­տա ա­ւա­նի մէկ քա­րայ­րին մէջ եւ ըստ հու­սի­նե­րուն կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժեր պեն­զին կը թա­փէին քա­րայ­րին մէջ թաք­նուած Հիւ­սէ­յին Էլ Հու­սիի եւ ա­նոր ե­րեք ըն­կե­րա­կից­նե­րուն վրայ եւ կը հրկի­զէին զա­նոնք: Ցայ­սօր այդ քա­րայ­րը հու­սի­նե­րուն հա­մար կը հա­մա­րուի սրբա­վայր: Տե­ղին է նաեւ նշել, որ Հիւ­սէ­յին Էլ Հու­սի իր քա­ղա­քա­կան «քա­րոզ­չու­թեան» սկսած էր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ 2001 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­ցած 11 Սեպ­տեմ­բե­րի ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քէն ետք ու կը հա­ւա­տար, որ  Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այդ մի­ջո­ցին դի­մած է իս­լա­մու­թեան դէմ պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րե­լու հա­մար: Ա­նոր քա­ղա­քա­կան ուս­մուն­քը հիմ­նուած էր  Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ Իս­րա­յէ­լի դէմ պայ­քա­րե­լու վրայ: Ըստ վեր­ջին տուեալ­նե­րուն՝ հու­սի­նե­րը այ­սօր Եէ­մէ­նի 30 առ հա­րիւ­րը կը կազ­մեն, իսկ մնա­ցեալ բնակ­չու­թեան շուրջ 70 առ հա­րիւր գե­րակշ­ռող մա­սը կը պատ­կա­նին սիւն­նի հա­մայն­քին: Հիւ­սէ­յին Էլ Հու­սիի մա­հէն ետք հու­սի­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դի դե­րը կը ստանձ­նէր ա­նոր եղ­բայ­րը՝ Ապ­տէլ Մա­լէք Էլ Հու­սի: Եէ­մէ­նի նախ­կին նա­խա­գահ Ա­լի Ապ­տալ­լա Սա­լէհ, որ ներ­կա­յիս կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի հու­սի­նե­րուն հետ, վեց պա­տե­րազմ­ներ մղած է ա­նոնց դէմ: Իսկ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Ֆայ­սալ թա­գա­ւո­րը 1962 թուա­կա­նին՝ երբ եր­կի­րը կը բաժ­նուէր եւ ստեղ­ծուէր Եէ­մէ­նի ա­րա­բա­կան հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, կը դի­մէր հու­սի­նե­րուն, որ­պէս­զի պա­տե­րազ­մին այդ հան­րա­պե­տու­թեան հի­մնա­դիր նա­խա­գահ Ա­պէտ Ալ­լա Սալ­լա­լի ու­ժե­րուն դէմ: Մէկ կող­մէ Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գահ Ժա­մալ Ապ­տէլ Նա­սէ­րի եւ Խորհր­դա­յին Միու­թեան հո­վա­նին վա­յե­լող՝ Հիւ­սի­սա­յին Եէ­մէ­նը եւ միւս կող­մէ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Ֆայ­սալ Պին Ապ­տէլ Ա­զիզ թա­գա­ւո­րին եւ Մեծն Բրի­տա­նիոյ հո­վա­նին վա­յե­լող Հա­րա­ւա­յին Եէ­մէ­նը բաժ­նուած կը մնան ամ­բողջ քսա­նութ տա­րի եւ կը միա­ւո­ր-ւին 1990 թուա­կա­նին ա­րա­բա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեամբ մը, ո­րուն հի­ման վրայ Միա­ցեալ Եէ­մէ­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ կը կար­գուէր՝ Ա­լի Ապ­տալ­լա Սա­լէհ: Շրջա­նին մէջ յայտ­նուած նոր միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ հու­սի­նե­րը կը դառ­նա­յին Ի­րա­նի ա­մե­նավս­տա­հե­լի դաշ­նա­կից­նե­րը Եէ­մէ­նի մէջ ու ա­նոնց պատ­րաս­տու­թեան հա­մար Ի­րան կա­րե­ւոր ներդ­րում կը կա­տա­րէր առ­նուազն վեր­ջին ութ տա­րի­նե­րուն: Հու­սի­նե­րուն կրօ­նա­կան ու­ժեղ ըմբռ­նում­նե­րը եւ լեռ­նա­յին հատուած­նե­րուն մէջ ի­րենց ու­նե­ցած ա­պա­հով դիր­քե­րը յա­ւե­լեալ պատ­ճառ կը դառ­նա­յին, որ ա­նոնք ստեղ­ծեն տո­կուն եւ կազ­մա­կեր­պուած զի­նուո­րա­կան ուժ:

Եէ­մէ­նի մէջ օ­րի­նա­կան ու­ժե­րուն, սիւն-­նի ցե­ղա­խում­բե­րուն կող­քին կը գոր­ծէ նաեւ «Էլ Քա­ի­տէ»ն, որ իր կրօ­նա­կան ըմբռ­նում­նե­րով ի­րեն թիւ մէկ հա­կա­ռա­կորդ յայ­տա­րա­րած է հու­սի­նե­րը:

Եէ­մէ­նը նաւ­թով ու յատ­կա­պէս կա­զի պա­շար­նե­րով հա­րուստ եր­կիր մըն է եւ կը հա­մա­րուի Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ «յե­տին պար­տէզ»ը ու այդ պատ­ճա­ռով է նաեւ, որ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է, որ հու­սի­նե­րը մօ­տե­նան իր սահ­ման­նե­րուն: Այ­սօր պատ­կե­րը բո­լո­րո­վին տար­բեր է: Ի տար­բե­րու­թիւն վաղ 1960-ա­կան­նե­րուն, ներ­կայ հանգ­րուա­նին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը կը բոր­բո­քին կրօ­նա­կան եւ մա­նա­ւանդ դա­ւա­նա­կան հիմ­քե­րու վրայ: Ներ­կա­յիս գերակշ­ռո­ղը գա­ղա­փա­րա­կան ա­տաղ­ձը չէ, այլ դա­ւա­նա­կան տար­բե­րու­թիւ­նը եւ այս վտան­գա­ւոր հա­կա­մար­տու­թեան մէջ զո­հի դե­րին կը յայտ­նուին ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րուն մէջ ապ­րող փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը:

Բախ­ման այս կէ­տին վրայ ա­րա­բա­կան զի­նուո­րա­կան այս քայ­լը պէտք է նաեւ ըմբռ­նել որ­պէս զար­թօն­քի ազ­դան­շան: Այս կե­ցուած­քը լա­ւա­գոյնս ար­տա­յայ­տեց Լի­բա­նա­նի Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նո­հատ Էլ Մաշ­նուք, որ իր պատ­կե­րասփ­ռուած վեր­ջին հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց, թէ բո­լոր ա­րաբ­նե­րուն հա­մար այս զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը («Վճռա­կա­մու­թեան փո­թո­րիկ») հպար­տու­թեան ա­ռիթ պէտք է ըլ­լայ այն ի­մաս­տով, որ այս գոր­ծո­ղու­թեամբ կա­րե­ւոր պատ­գամ մը կ՚ուղ­ղարկո­ւի Ի­րա­նին, որ­պէս­զի վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ իր գոր­ծե­լաո­ճը ա­րա­բա­կան ա­ւա­զա­նին մէջ:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի ի­րա­նեան կող­մին, պար­զո­րոշ է, որ Ի­րան ինչ­պէս Պահ­րէյ­նի, այն­պէս ալ Եէ­մէ­նի մէջ կը փոր­ձէ գե­տին գտնել եւ զօ­րա­նալ գոր­ծի մղե­լով՝ ի­րեն մօ­տիկ հան­դի­սա­ցող ու­ժե­րը: Այն օ­րե­րուն, երբ Ի­րան լրջօ­րէն զբա­ղած էր Ժը­նե­ւի եւ Լո­զա­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րով, ա­րա­բա­կան անս­պա­սե­լի հա­րուա­ծը ծանր ան­ակն­կա­լի կը մատ­նէր Ի­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, որ գրե­թէ ան­դա­մա­լու­ծուած վի­ճա­կով կը հե­տե­ւէր, թէ ի՛նչ հա­րուած­ներ կը տրուին իր հու­սի հո­վա­նա­ւո­րեալ­նե­րուն: Նոյն ա­ռու­մով Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­կա­տու­մին մաս­նակ­ցե­լու ընտ­րան­քը կը մնայ ա­նո­րոշ, մա­նա­ւանդ, որ ա­րա­բա­կան ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թեան մը առ­կա­յու­թեան հե­տե­ւան­քով ո­րե­ւէ սխալ շար­ժում կրնայ ա­ւե­լի մեծ եւ խոր­քա­յին պա­տե­րազ­մի մը տուն տալ: Ի­րա­նի կե­ցո­ւած­քը նաեւ կա­պուած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հետ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն հետ եւ այդ թե­մա­նե­րուն մա­սին ցարդ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չեն հա­ղոր­դուիր: Մտա­հո­գիչ է, որ Ի­րա­նի ճար­տար Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճեւատ Զա­րի­ֆի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ուր ան բա­ցա­յայտ կեր­պով կը յայտ­նէր, թէ Ամե­րիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հետ Լո­զա­նի մէջ ձեռք­ բե­րուած նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը շրջա­նա­յին բնոյթ չու­նի, այ­սինքն Ի­րան կրնայ շրջա­նա­յին հար­ցե­րուն ա­ռըն­թեր տա­րա­կար­ծիք ըլ­լալ եւ ըս­տայնմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կել:

Կայ նաեւ այլ կա­րե­ւոր կէտ մը, որ տեղ կը գտնէ ա­րեւմ­տեան մա­մու­լի ո­րոշ թեր­թե­րու մէջ եւ ըստ ո­րու, Եէ­մէ­նի ա­րա­բա­կան գոր­ծո­ղու­թեան յա­ջո­ղու­թե­նէն ետք ա­րաբ­նե­րը Ա­րեւ­մուտ­քէն «կա­նաչ լոյս» պի­տի ստա­նան հա­րուա­ծե­լու է­սա­տեան վար­չա­կար­գի «հի­ւանդ մարմ­նի»ին բազ­կե­րակ­նե­րը: Սէուտ­ցի վեր­լու­ծա­բան Ժա­մալ Խա­շըք­ճիի կար­ծի­քով՝ ի­րենց հա­մար այդ­քան ալ կա­րե­ւոր չէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ-Ի­րան կո­րի­զա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, որ­քան շիի Ի­րա­նի ա­րա­բա­կան սիւն­նի տա­րածք­նե­րուն մէջ ե­րեւ­ցած ե­ղունգ­նե­րը կտրե­լու գոր­ծո­ղու­թիւ­նը: Ա­րաբ­նե­րուն կը պակ­սէր վճռա­կամ կամք, իսկ տա­րած­քաշր­ջա­նը խա­ղաղ հու­նի մը տա­նե­լու հա­մար Ի­րա­նին կը մնայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կեղծ կո­չեր ը­նե­լէ ան­դին վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել իր ա­րա­բա­կա­նու­թեան սրտին ո­գի նե­րար­կող կաս­կա­ծե­լի կո­չե­րը:

 Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ի­րա­նի ու­նե­ցած ժխտա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը յատ­կա­պէս Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ մէջ մարդ­կա­յին ա­րեան հե­ղե­ղի ստեղծ­ման պատ­ճառ դար­ձան: Իս­րա­յէ­լի ա­տե­լու­թիւ­նը իր քա­րոզ­նե­րուն հիմ­քը դար­ձու­ցած շիի Ի­րա­նը իր վար­մուն­քով վնա­սեց ա­րա­բա­կան դա­տին ու հան­դէս ե­կաւ պա­ռակ­տո­ղի տխուր դե­րով: Փրկչա­կան դե­րով հան­դէս գա­լով եւ մէկ կող­մէ Իս­րա­յէ­լի մահ ցան­կա­ցող եւ միւս կող­մէ  Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հետ սի­րա­բա­նու­թեան պատ­րաս­տուող Ի­րան չի կրնար նման ու­ղե­գի­ծով շա­րու­նա­կել: Ա­րա­բա­կան գետ­նի վրայ տնտե­սա­կան կա­րե­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նե­ցող Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա յա­ջո­ղե­ցաւ իր շուրջ ստեղ­ծել հա­մա­րա­բա­կան այն­պի­սի զօ­րակ­ցու­թիւն, որ վեր­ջին քսան տա­րի­նե­րուն գրե­թէ ան­նա­խըն­թաց է:

 Եէ­մէ­նի վրայ ըն­թա­ցող զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կրնան եր­կա­րիլ: Ա­րաբ­նե­րը կրնան չհաս­նիլ ի­րենց նպա­տակ­նե­րուն, բայց եւ այն­պէս մէկ բան յստակ է, որ Եէ­մէ­նի հու­սի­նե­րը յե­տայ­սու նոյ­նը պի­տի չըլ­լան, ին­չ որ էին «Վճռա­կա­մու­թեան փո­թո­րիկ»էն ա­ռաջ:

Սիւն­նի-շիի եր­կա­րա­մեայ հա­կա­մար­տու­թեան թե­լը դար­ձած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն խա­ղի կա­րե­ւոր դրուածք­նե­րէն մին: Այս է ող­բեր­գա­կա­նը: Ու մտա­հո­գիչ է նաեւ, որ քա­ղա­քա­կան հա­շուարկ­նե­րուն մէջ, մարդ­կա­յին զո­հե­րը, ա­րիւ­նը, սպանդ­նե­րը կա­րե­ւոր գոր­ծօն չեն: Ա­նոնց փո­խա­րէն կա­րե­ւո­րը եւ ա­ռաջ­նա­յի­նը՝ Եէ­մէ­նի ջու­րե­րուն մէջ ե­ղող կա­զա­յին հա­րուստ պա­շար­ներն ու նաւ­թա­հո­րերն են:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ե­րե­ւան

 

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2015