ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ…

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին հա­յաշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է Վա­տի­կա­նի վրայ։ Ս. Պետ­րո­սի մայր տա­ճա­րին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ յի­շա­տա­կու­թեան պատ­մա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, որ վստա­հա­բար նոր հանգրո­ւան մը կը բնո­րո­շէ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։

Տ.Տ. Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը վա­ղը Ս. Պետ­րո­սի տա­ճա­րին մէջ պի­տի մա­տու­ցա­նէ Ս. Պա­տա­րագ՝ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով, յի­շա­տա­կե­լով հա­յոց բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րը։ Ու­շագ­րաւ է, որ Սրբա­զան Պա­պը ա­ռա­ջին ան­գամ պա­տա­րագ կը մա­տու­ցա­նէ ի յի­շա­տակ հա­յոց նա­հա­տակ­նե­րուն։ Ցարդ ե­ղած են միայն ա­ղօթք­ներ՝ զա­նա­զան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու զո­հե­րու հո­գի­նե­րու հանգս­տու­թեան հա­մար, բայց պա­տա­րագ չէ մա­տու­ցուած։ Յատ­կան­շա­կան է, որ այս Ս. Պա­տա­րա­գին նա­խա­ձեռ­նած է Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը։ Ս. Ա­թո­ռի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կը հե­ռար­ձա­կուի ու­ղիղ ե­թե­րով։ Սրբա­զան Պա­պը նոյն առ­թիւ պի­տի խօ­սի նաեւ քա­րոզ մը։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ պի­տի գտնուին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ս. Պետ­րո­սի տա­ճա­րէն ներս այս պա­տա­րա­գը ան­նա­խա­դէպ կը հա­մա­րուի զա­նա­զան ա­ռում­նե­րով։ Կա­րե­ւո­րա­գոյն հան­գա­մանք­նե­րէն մին այն է, որ պի­տի գոր­ծադ­րուի հայ­կա­կան մե­ռե­լո­ցի ծի­սա­կան կար­գը։ Ս. Պա­տա­րա­գը ձօ­նուած է 100-րդ տա­րե­լի­ցին, սա­կայն ան կը մա­տու­ցուի աշ­խար­հի բո­լոր հա­յե­րուն հա­մար։ Աշ­խար­հի զա­նա­զան ցա­մա­քա­մա­սե­րէն հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կը մաս­նակ­ցին այս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն ա­ռըն­թեր։

Վա­տի­կա­նի մէջ մա­տու­ցուե­լիք պա­տա­րա­գէն վերջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ նաեւ Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի վար­դա­պե­տաց­ման կար­գը։ Ըստ Ս. Ա­թո­ռի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Մի­քա­յէլ Մի­նա­սեա­նի, պի­տի հնչէ լա­տի­նե­րէն ֆոր­մու­լան եւ Նա­րե­կա­ցին պի­տի յայ­տա­րա­րուի Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2015