ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՑՈՅՑԵՐ

Ե­րե­ւա­նի մէջ հոծ թի­ւով ե­րի­տա­սարդ­ներ շա­բա­թա­վեր­ջին բո­ղո­քի ցոյց մը կա­տա­րե­ցին՝ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մօտ, երբ այն­տեղ կ՚այ­ցե­լէին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը։ «Դադ­րեց­նել ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը» վան­կար­կում­նե­րով դի­մա­ւո­րե­ցին միջ­նորդ­նե­րը եւ վայր­կեան մը յար­գան­քի լռու­թիւն պա­հե­ցին վեր­ջին բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին զո­հուած բո­լոր հա­յոց յի­շա­տա­կին։ Ցու­ցա­րար­նե­րը ա­ւե­լի վերջ երթ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի դես­պա­նա­տու­նե­րը, յանձ­նե­լով նա­մակ­ներ։ 
Բաց աս­տի, ե­րէկ ալ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Լռու­թեան երթ»ը՝ ի յի­շա­տակ հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին զոհուած զի­նուոր­նե­րուն։ Եր­թին մաս­նա­կից­նե­րը մայ­րա­քա­ղա­քի Ստե­փան Շա­հու­մեա­նի հրա­պա­րա­կէն լուռ եր­թով մը մեկ­նե­ցան մին­չեւ «Ե­ռաբլուր» նա­հա­տա­կաց պան­թէոն, ծա­ղիկ­ներ ու մո­մեր ի ձե­ռին։ Պան­թէո­նին մէջ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ մո­մա­վա­ռու­թիւն եւ կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան կարգ նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016