ԿԱՅՈՒՆԱՑՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը արդէն աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր հրատապ ձեւով կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգը։ Ներկայ ամսուան առաջին օրերուն Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ կատարուած լայնածաւալ յարձակումով բռնկած բախումները ստեղծեցին խոր մտահոգութեան մթնոլորտ։ Թէեւ քանի մը օրուան ընթացքին կարելի եղաւ կրակը դադրեցնելու վերաբերեալ համաձայնութեան մը հասնիլ, սակայն իրադրութիւնը տակաւին կայուն չէ, հետեւաբար ճգնաժամային պայմանները կը մնան առկայ։ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գիծէն եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն հասած լուրերը կը վկայեն, թէ նուազագոյն անդորրութիւն մը հաստատուած է, սակայն կայունութիւնը երաշխաւորուած չի համարուիր վերջնականօրէն։ Հայկական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զօրքերը ատեն-ատեն կը շարունակեն կրակ բանալ՝ սահմանի կամ շփման գծի զանազան ուղղութիւններով։ Վերջին օրերուն հայ-ազէրի կողմերուն միջեւ իրականացուեցաւ նաեւ զոհուած զինուորներու մարմիններու փոխանակում։
Առկայ մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ շփումներ ունեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ։ Միջնորդները Երեւանի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, անոնք տեսակցեցան Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Ծանօթ է, որ Սարգսեանէն եւ Նալպանտեանէն առաջ անոնք մէկտեղուած էին նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան եռանախագահներուն հետ քննարկեց վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Զրուցակիցները կարեւորեցին հրադադարի պահպանումը, վստահութեան միջոցառումներու շուտափոյթ ներդրումն ու խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսումը։ Սարգսեանի եւ միջնորդներու զրոյցին ներկայ էին Եդուարդ Նալպանտեան եւ Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան։
Իսկ Նալպանտեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին համանախագահները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Ստեփանակերտի մէջ՝ Արցախի իշխանութիւններուն եւ Պաքուի մէջ՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ վերջին օրերուն իրենց ունեցած հանդիպումներուն մասին։ Անդրադառնալով մարդկային բազմաթիւ զոհերու պատճառ դարձած Ատրպէյճանի հերթական բռնութեան՝ Եդուարդ Նալպանտեան ըսաւ. «Բոլորին համար ակնյայտ է, որ այս յարձակումը նախօրօք ծրագրուած եւ նախապատրաստուած գործողութիւն մըն էր։ Պաքու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կիրառեց իր կուտակած յարձակողական ամբողջ զինանոցը, որ ձեռք բերուած էր վերջին տարիներուն։ Տեղի ունեցածին մասին մենք բազմիցս զգուշացուցած էինք միջազգային հանրութիւնը, համանախագահ երկիրները. Պաքուի՝ ուժի կիրառման սպառնալիքներուն չհակազդելու պարագային անոնք կրնան տեղի տալ այնպիսի հետեւանքներու, որոնց ականատեսը դարձանք այս օրերուն»։
Նախարար Նալպանտեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ գործողութիւններուն հետեւանքով լուրջ հարուած ստացած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերը։ Նալպանտեան համոզուած է, թէ հրատապ քայլեր հարկաւոր են իրադրութեան կայունացման համար։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին այն քայլերուն շուրջ, որոնք կը գործադրուին այս ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի ղեկավարութեան հետ տեղի ունեցած շփումներէն վերջ միջնորդները Երեւանի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին միջնորդները զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար մեկնաբանեցին առկայ իրավիճակը։
Ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ այս պահուն կարեւորագոյն խնդիրն է աճիւններու վերադարձի հարցը։ Ան ընդգծեց, որ իրենց լիազօրութիւններու շրջագծին մաս չի կազմեր յստակացնել, թէ ո՛վ սկսած է առաջին անգամ յարձակիլ եւ ո՛վ կը կրէ պատահածին պատասխանատուութիւնը։ «Մենք ունինք հանդիպումներ իրականացնելու եւ իրավիճակի կայունացման նպաստելու լիազօրութիւն», ըսաւ Փոփով եւ աւելցուց, թէ կարեւորագոյն արդիւնքը կը համարուի կողմերու պատրաստակամութիւնը՝ Մոսկուայի մէջ հաստատուած հրադադարը պահպանելու ուղղութեամբ։ «Մենք քննարկած ենք, թէ ինչ կարելի է ընել խաղաղութիւնը պահպանելու համար։ Հիմնական խըն-դիրն է կողմերը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ բերել։ Քաղաքական քննարկումներուն վերադառնալու գիտակցութիւնը կայ», ըսաւ ռուս դիւանագէտը եւ աւելցուց, թէ համանախագահները տարածքաշրջանային այցելութեան ընթացքին շօշափած են նաեւ վըս-տահութեան ամրապնդման եւ անոր վերադառնալու համար անհը-րաժեշտ միջոցներուն հարցը։ Յառաջիկայ շրջանին համանախագահները քննարկումները պիտի շարունակեն իրենց մայրաքաղաքներուն մէջ եւ շաբաթ մը վերջ դարձեալ պիտի հանդիպին։ Այդ փուլէն վերջ հաւանական է, որ միջնորդները վերստին այցելեն տարածքաշրջան։
Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքն ալ յայտնեց, որ համանախագահները խորապէս մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններու ընթացքին մարդու իրաւանց խախտումներու մասին տեղեկութիւններով։ Ըստ իրեն, Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու ժամանակ համանախագահները անդրադարձած են այս հարցին եւ անոնցմէ խնդրած՝ մանրամասն ուսումնասիրել արձանագրուած դէպքերը, որոնք կը վերաբերին վարձականներու կողմէ խաղաղ բնակիչներու սպանութիւններուն, սպաննուած քաղաքացիներու եւ զինուորներու մարմիններու խեղման դէպքերուն։ Ուորլիք միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի կազմէն ներս որեւէ փոփոխութիւն չ՚ակնկալուիր։
Իր կարգին, Փիէռ Անտրիուն ալ ընդգծեց, թէ Մինսքեան խմբակը պիտի շարունակէ աշխատիլ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան ուղղեալ դրութեան մը ստեղծման համար։ Ֆրանսացի դիւանագէտին խօսքերով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին տեսակէտէ կարեւորագոյն հարցը կը համարուի Մոսկուայի մէջ ապահովուած հրադադարի համաձայնութեան պահպանումը եւ քաղաքական բանակցութիւններուն վերսկսումը։ Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Իկոր Փոփով նշեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններու սեղանին վրայ կը գտնուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու այն առաջարկները, որոնք այս կամ այն տեսքով քննարկուած են վերջին տարիներուն։ Փոփով նշեց, թէ որեւէ նոր փաստաթուղթ գոյութիւն չունի, հերքեց, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յառաջ քշած է նոր փաստաթուղթ մը։ «Կան համանախագահներու առաջարկները, որոնք հիմնուած են երեք սկզբունքներու եւ վեց տարրերու վրայ», ըսաւ ռուս դիւանագէտը ու պարզաբանեց, թէ անոնք Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնարար երեք դրութիւններն են՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի բացառում, ազգերու ինքնորոշման իրաւունք եւ տարածքային ամբողջականութիւն։ Իսկ յիշեալ վեց տարրերու շարքին ռուս համանախագահը առանձնացուց Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշումն ու անոր յարակից տարածքներու վերադարձը։ «Այս երկու տարրերը պէտք է դիտարկել որպէս ամբողջութիւն՝ առանց մէկը կամ միւսը գերադասելու։ Այս մասին խօսք եղած է այսպէս կոչուած «Լաւրովի նախաձեռնութիւններ»ուն մէջ։ Բացի այդ երկու տարրերէն, կան նաեւ հարցեր, որոնք կը վերաբերին՝ փախստականներու վերադարձին, Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը կապող միջանցքի լայնքին ու կարգավիճակին, նաեւ խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայման։ Խաղաղապահներու տեղակայումը պէտք է ըլլայ միայն եզրափակիչ փուլին, երբ պիտի ստորագրուի խաղաղութեան համաձայնագիրը», ըսաւ Փոփով։ Մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ ռուս դիւանագէտը չէ խօսած յիշեալ տարրերու վեցերորդին մասին, որով կը նախատեսուի Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական վերջնական կարգավիճակի սահմանման համար պարտադիր բնոյթով ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնը։
Միեւնոյն ժամանակ Իկոր Փոփով Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է վերադառնայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ որոշ հանգրուանի մը մէջ։ «Մեր մեկնակէտն է, որ խաղաղութեան համաձայնագրի պատրաստման նախորդող շրջանակային պայմանաւորուածութիւններու եզրափակման փուլը կրնայ ըլլալ սկիզբը», ըսաւ Իկոր Փոփով։ Բաց աստի, ան յիշեցուց, թէ իրենք մէկէ աւելի անգամներ ըսած են այս մասին։
«Արդեօք չէ՞ք կարծեր, որ այլեւս անկարելի է Լեռնային Ղարաբաղի որեւէ ձեւով ներառնուիլը Ատրպէյճանի կազմին մէջ». լրագրող մը հարց տուաւ ռուս դիւանագէտին։ Ի պատասխան Իկոր Փոփով ըսաւ, թէ այդ նիւթը բանակցութիւններու առարկայ է։
Ռուս դիւանագէտը աւելցուց, թէ իրենց հիմնական խնդիրն է՝ իրավիճակի կայունացման համար օգնել հակամարտ կողմերուն եւ ապահովել, որ ռազմական գործողութիւնները չկրկնուին։
ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՏԵՍԱԿՑԵԼՈՎ ՇՕՇԱՓԵՑԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ երկրի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, թէ տեսակցութեան նախաձեռնութիւնը պատկանած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին։ Շուրջ ժամ մը տեւած զրոցը բացառապէս վերաբերուած է Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանագծին վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն, հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացէն ներս սպասուած յառաջիկայ զարգացումներուն եւ այդ մարտահրաւէրներու պարագային ազգային ներքին համախմբան անհրաժեշտութեան։ Հանդիպումը տեղի ունեցած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բնակարանին մէջ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած ընդդիմադիր Հայ ազգային գոնկրէսի բանբեր Արման Մուսինեան յայտնեց, թէ աւելցնելու բան մը չունին սոյն հանդիպման վերաբերեալ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան բովանդակութեան վրայ։ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խօսնակը՝ Եդուարդ Շարմազանովն ալ նշեց, թէ երկու նախագահներուն հանդիպումը մեծ ձեռքբերում մըն է ու վկայութիւն մը՝ անոնց պետական մտածելակերպին մասին։ Շարմազանովի խօսքերով, շատ կարեւոր է նման աւանդութեան մը ձեւաւորուիլը, որպէսզի քաղաքական գործիչները մէկ կողմ թողլով կուսակցական ու ներքին քաղաքական տարաձայնութիւնները՝ կարենան լեզու գտնել իրարու հետ։ Ըստ իրեն, Սերժ Սարգսեան-Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանդիպումը անակնկալ մը չէր։ Արդարեւ, նախագահ Տէր-Պետրոսեան առաջին իսկ պահէն հանդէս եկաւ համախմբող կոչով։ Սա իսկական պետական մտածելակերպի արդիւնք մըն է։
Բանբերը դրական համարեց նաեւ Սերժ Սարգսեանի՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին ընդառաջ երթալու քայլը։ «Տայ Աստուած՝ Ռոպէրթ Քոչարեանն ալ միանայ եւ այնպէս ըլլայ, որ մենք Սեպտեմբերի 21-ին կարենանք շնորհաւորել մեր երեք նախագահները։ Կարեւոր է, որ նախագահները կը համախմբուին ու մէկ կողմ կը դնեն տարաձայնութիւնները։ Պէտք է իմ հիացմունքի խօսքը ըսեմ նախկին ու ներկայ նախագահներու հասցէին։ Անոնք ապացուցանեցին, որ իրենց համար գերակայ է պետութեան շահը», ըսաւ Շարմազանով։