ՊԱՐԶԱՆԻԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ Նե­չիր­վան Պար­զա­նի ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թուր­քիոյ մէջ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ու­ժա­նիւ­թի եւ անվ­տան­գու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն շուրջ խնդիր­ներ, ինչ­պէս նաեւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ՓՔՔ­-ի եւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) խմբա­ւոր­ման դէմ քայ­լե­րը։

Իս­թան­պու­լի մէջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն ալ տե­սակ­ցե­ցաւ Նե­չիր­վան Պար­զա­նիին հետ։ Հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Թա­րա­պիոյ մէջ, «Հու­պէր» նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քէն ներս։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016