ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԶԷՆՔԻ ՀԱՐՑԸ
Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ Պաքու եւ Երեւան պէտք է նստին բանակցութիւններու սեղանին շուրջ։ Անցեալ շաբաթ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ շփումներ ունեցած ռուս վարչապետը յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին առընչութեամբ։ Ան համոզուած է, թէ որեւէ ձեւով անկարելի է թոյլ տալ հակամարտութեան սրման։
Ռուսական կարգ մը յառաջատար լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցներուն մէջ Տիմիթրի Մետվետեւ նշեց, թէ որպէս ազդեցիկ պետութիւն՝ Ռուսաստան հնարաւորը պէտք է ընէ, որպէսզի հակամարտութիւնը չձգձգուի։ Յիշեալ հարցազրոյցներուն մէջ Տիմիթրի Մետվետեւ չբացառեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան աճին շրջագծով թրքական գործօնը։ «Չեմ բացառեր, որ կան գործօններ, որոնք դուրսէն կ՚ազդեն հակամարտութեան վրայ։ Հնարաւոր է, որ թրքական գործօնը ըլլայ միայն այդ իսկ պատճառով, որ Թուրքիա արտայայտած է իր դիրքորոշումը», ըսաւ Մետվետեւ, որու խօսքերով, հանդարտութեան կոչեր ընելու փոխարէն Թուրքիա կու տայ այնպիսի գնահատականներ, որոնք կրակին վրայ իւղ կը լեցնեն։ «Աւելի լաւ է, որ պահպանուի ներկայ իրավիճակը, քան արիւն հոսիլը», ըսաւ Մետվետեւ։
Հարկ է նշել, որ ռուս վարչապետին այս յայտարարութիւնները արձագանգ գտած են նաեւ թրքական մամուլէն զանազան թերթերու մէջ։
Միւս կողմէ, Տիմիթրի Մետվետեւ խօսեցաւ նաեւ Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար զէնքի վաճառքի խնդրին շուրջ։ Մետվետեւ համոզուած է, որ զէնքի վաճառքը պէտք է ըլլայ զսպման գործօն մը։ Իր երկիրը պիտի շարունակէ ռազմաթեքնիկ համագործակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։ Ռուսաստան գործընկեր երկիր մըն է այդ երկուքին հետ, իսկ Հայաստանը նաեւ անոր դաշնակիցն է՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շրջանակներէն ներս։
Ըստ Մետվետեւի, եթէ Ռուսաստան հրաժարի զէնք վաճառելէ, ապա հասկնալի է, որ այդ տեղը դատարկ պիտի չմնայ։ «Զէնք պիտի գնեն այլ երկիրներէ։ Այդպէսով զէնքի մահացու ըլլալու աստիճանը պիտի չնուազի, սակայն այդ պարագային պիտի խաթարուի հաւասարակշռութիւնը այն համատեսքին մէջ, որ մենք տեղեակ ենք մեր գործընկերներու պահանջներէն եւ բոլորն ալ կը հասկնան, թէ ինչպէս է ուժերու դասաւորումը տարածքաշրջանէն ներս», ըսաւ Մետվետեւ եւ աւելցուց, թէ տարածքաշրջանի զէնքի շուկային մէջ մատակարար այլ երկիրներու յայտնուիլը ա՛լ աւելի պիտի բարդացնէ իրավիճակը։
Իր կարգին, Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանն ալ շաբաթավերջին հերթական անգամ անդրադարձաւ այս խնդրին եւ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը ցաւ կ՚ապրի, որ Ռուսաստան զէնք կը վաճառէ նախայարձակ Ատրպէյճանին»։