Տխուր Եւ Վշտա­լի Ի­րա­կա­նու­թիւն

Ե­թէ մօ­տէն կը հե­տե­ւինք հայ սփիւռ­քի ա­մէ­նօ­րեայ հեւ­քե­րուն, մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ մա­շու­մին, այն ժա­մա­նակ միայն կրնանք հասկ­նալ, թէ տա­կա­ւին դա­մոկ­լեան սու­րի նման ա­նոր գլխուն կա­խուած է տխուր եւ վշտա­լի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը:

Այս մա­սին եւ ա­մէն ա­ռիթ­նե­րով մտա­հոգ գրիչ­ներ ոչ միայն անդ­րա­դար­ձած են, այ­լեւ ար­ձա­գան­գած ու ա­մէն ձե­ւով հրա­պա­րա­կած են ի­րենց մէջ կու­տա­կուած այս վախն ու սար­սա­փը:

Ա­ւե­լի՛ն. ա­նոնք նաեւ կա­տա­րած են հաս­տա­տում­ներ ու իբ­րեւ մտա­հո­գու­թիւն՝ հան­րու­թեան պար­զած, թէ մեր մայ­րե­նին սփիւռ­քի տա­րած­քին իս­կա­պէս վտան­գի մէջ է: Այս մէ­կը զգու­շա­ցու­մէ ա­ւե­լի՝ նաեւ ա­հա­զանգ հնչեց­նել ալ է: Ող­ջու­նե­լի գոր­ծու­նէու­թիւն:

Այս բո­լոր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն մա­սին եր­կար-բա­րակ խօ­սուած է. կլոր կամ տա­փակ սե­ղան­նե­րու շուրջ խորհր­դակ­ցու­թեան նիւ­թեր դար­ձած են: Նաեւ այս առ­թիւ մտա­ւո­րա­կան կամ հո­գե­ւոր պե­տե­րով կազ­մա­կեր­պուած են մեծ ու փոքր գի­տա­ժո­ղով­ներ: Մէկ խօս­քով, այս նիւ­թը ինք­նին սպա­ռած է: Եզ­րա­կա­ցու­թիւն՝ վտան­գը բա­ցա­յայտ է. էա­կա­նը լու­ծումն է: Մարդ կոյր պէտք է ըլ­լայ չտես­նե­լու կամ չլսե­լու հա­մար, թէ կարգ մը գա­ղութ­նե­րու մէջ եւ կամ ա­մէն տեղ  հա­յա­խօս­նե­րու թի­ւը սկսած է պակ­սիլ: Պակ­սած է նաեւ հա­յե­րէն կար­դա­ցող­նե­րուն եւ նոյն­պէս ալ գրող­նե­րուն թի­ւը:

Մէջ­տեղ սե­րունդ մը կայ, որ հա­յե­րէն կար­դալ չի գի­տեր, կամ քիչ գի­տէ: Մայ­րե­նի լե­զուն չի խօ­սիր կամ պա­տա­հա­բար կը խօ­սի: Այ­սինք հա­յե­րէն չի գի­տեր: Սե­րուն­դին լե­զուա­փո­խու­թիւ­նը մայ­րե­նի լե­զուին գի­տու­թեան նուա­զում կ՚են­թադ­րէ: Կը նշա­նա­կէ նաեւ լուրջ կո­րուստ:

Ա­հա ցաւ մը, որ ինք՝ Շա­հան Շահ­նուր ար­դէն ան­ցեալ դա­րուն նա­խա­տե­սած էր: Ա­ղէտ կամ մտա­հո­գու­թիւն, ի՛նչ կ՚ու­զէք՝ ո­րա­կե­ցէ՛ք: Կա­րե­ւո­րը այս ա­մէ­նը ոչ միայն կար­դա­ցող­ներ է պէտք, այլ նաեւ կար­դա­լէն ետքն ալ՝ գոր­ծադ­րող­ներ:

Շեշ­տե­լու եւ բո­լոր խուլ ա­կանջ­նե­րուն հնչեց­նե­լու մի­տու­մով ը­սենք, որ հայ լե­զուն հայ զան­գուած­նե­րը կա­պե­լու բա­նա­լին է: Ա­նոր բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կամ  ան­հե­տա­ցու­մը մեր մշա­կոյ­թի ան­հետա­ցումն ալ կ՚են­թադ­րէ, ինչ­պէս նաեւ՝ մեր գո­յու­թեան վտան­գը:

Ա­մէն տեղ՝ սփիւռ­քի հա­րա­ւի կամ հիւ­սի­սի, ա­րեւ­մուտ­քի կամ ա­րե­ւել­քի շրջան­նե­րէն ներս ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը տե­ղա­կան լե­զուին տրուած է: Այս կը նշա­նա­կէ, թէ պի­տի գայ օ­րը, որ մեր նոր սե­րուն­դը պի­տի դառ­նայ ան­ճա­նա­չե­լի: Զրկուե­լով իր մայ­րե­նիէն՝ ան պի­տի կորսնց­նէ նաեւ իր ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թիւնն ու ա­նոր պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թիւնն ալ: Հա­յու գի­տակ­ցու­թեան հետ իր պատ­կա­նե­լիու­թիւնն ալ պի­տի պղտո­րի ու հին­նա­լով՝ կա­մաց կա­մաց պի­տի…

Ա­հա՛ ի­րա­կան մեր կեան­քը:

Ուս­տի ժա­մը հա­սած է, նոյ­նիսկ՝ ու­շա­ցած, լուրջ ծրագ­րու­մի եւ իս­կա­կան աշ­խա­տան­քի: Գա­լիք ժա­մա­նակ­նե­րու մնա­յուն ներ­կա­յու­թեան հա­մար գի­տակ­ցու­թեան հա­սու­նու­թիւն է պէտք: Ծրագ­րում է պէտք: Միայն խօս­քով կա­րե­լի չէ «փի­լաւ ե­փել»: Նստիլ ու սպա­սել եւ կամ հաշ­տուիլ ի­րա­կա­նու­թեան հետ՝ ուղ­ղա­կի ող­բեր­գու­թիւն է:

Ի­րա­կա­նու­թեան փնտռտու­քի ժա­մա­նա­կը ան­ցած է:

Այս օ­րե­րուն ճա­կա­տա­բաց կ՚ը­սենք՝ ա­մէն գնով եւ զո­հո­ղու­թեամբ տէր պէտք է կանգ­նիլ ա­րեւմ­տա­հայ մեր ժա­ռան­գու­թեան, մեր լեզուին, մեր մշա­կոյ­թին եւ ա­ւան­դու­թեան: Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը յստակ է, ներ­կա­յիս մէջ­տե­ղը մեծ զոհ մը կայ, ան ալ ա­րեւմ­տա­հայ լե­զուն է, եւ ա­պա կա­մաց կա­մաց ա­նոր հե­տե­ւող, ա­նոր ճա­կա­տագ­րին հաս­նող մենք՝ ա­րեւմ­տա­հա­յերս եւ մեր սփիւռ­քը:

Լե­զու ը­սի եւ շեշ­տե­ցի: Բայց ի՞նչ է լե­զուն, ե­թէ ոչ մի­ջոց՝ նպա­տա­կին հաս­նե­լու:

Լե­զուն ցեղ է եւ ազ­գա­յին միու­թիւն, եւ երբ կը կորսնց­նէ իր ան­հա­տա­կան խո­րու­թիւ­նը ու դուր­սէն ե­կող հո­սան­քին կ՚են­թար­կուի՝ ա­ռանց դի­մադ­րու­թեան, կա­պիկ կը դառ­նայ: Մէկ խօս­քով՝ հա­մա­կեր­պում եւ ա­հա ձու­լում…

Ուս­տի միտքս պար­զեմ: Ին­ծի հա­մար հա­յու­թիւ­նը ու­նի ե­րեք էա­կան սկզբունք­ներ՝  դպրոց, ե­կե­ղե­ցի եւ ա­կումբ: Ա­սոնց­մով կա­րե­լի է պա­հել ո­գին, լե­զուն, մշա­կոյթն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը: Բայց ան­պայ­ման՝ պա­հել լե­զուն եւ ա­նոր իշ­խա­նու­թիւ­նը:

Ա­հա այս է այս օ­րե­րուն ա­ռա­ջին հրա­մա­յա­կա­նը: Մեր լե­զուն մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գիին բա­նա­լին է: Այս մտքի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կա­խեալ է մեզ­մէ:

Նախ պայ­ման է, որ­քան շուտ՝ այն­քան լաւ, մուտք գոր­ծենք բո­լո­րին սրտե­րուն ու հո­գի­նե­րուն մէջ՝ հաս­նե­լու ար­մատ­նե­րուն: Ժո­ղո­վուր­դի մոր­թին տակ մտնել պէտք է: Ա­նոր ա­րեան հետ հո­սիլ պէտք է՝ հաս­նե­լու հա­մար ա­նոր սրտին: Փո­խել, նո­րո­գել, նո­րո­գուիլ: Այս բո­լո­րը, ո­րով­հե­տեւ մենք բո­լո­րով կո­չուած ենք միա­սին կեր­տե­լու մեր կեան­քը, ու­զենք կամ չու­զենք: Մենք բո­լորս ալ մե­ծով ու պզտի­կով պա­տաս­խա­նա­տու ենք պատ­մու­թեան առ­ջեւ: Ա­կան­ջի օղ ը­նենք, որ հայ ըլ­լա­լը մեծ ճիգ կը պա­հան­ջէ: Կը պա­հան­ջէ նաեւ հա­ւատք եւ զո­հա­բե­րու­թիւն:

Կար­ծես ներ­կայ մեր ի­րա­վի­ճա­կով կարգ մը գա­ղութ­նե­րու մէջ հայ ո­գին կորսն­ցու­ցած է իր բա­նա­լին ու ա­սոր պատ­ճա­ռով հայ միտքն ալ շուա­րած է, չէ կեդ­րո­նա­ցած: Պան­դուխտ է:

Գի­տենք նաեւ, որ աշ­խար­հի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­ներն ալ ու­նե­ցած են վե­րելք­ներ եւ ան­կում­ներ, բայց ազ­գը իր նկա­րագ­րով միշտ յաղ­թա­հա­րած է այս բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը:

Լա՛ւ յի­շե­ցէք, այս երկ­րա­գուն­դի վրայ մշա­կոյթն է, որ պահ­պա­նած է ազ­գե­րու կեան­քը:

Ա­մէն հայ­րե­նիք եւ ա­մէն ազգ իր իւ­րա­յա­տուկ պայ­ման­նե­րը ու­նի հա­ւա­քա­կան կեն­սու­նա­կու­թեան եւ ա­պա­գա­յի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար: Մե­զի հա­մար հայ­րե­նիքն է, որ մեզ պա­հած է: Ա­նոր յոյսն ու լոյսն է, որ մեզ ա­ռաջ­նոր­դած է: Ան է, որ իր մէջ ու­նի թա­քուն պա­հած յոյսն ու լոյ­սը: Ա­ռանց այդ լոյ­սին՝ կա­րե­լի չէ ընբռ­նել ա­րա­րա­տեան մեր լե­զուն: Ժա­մա­նակն է, որ մեր գի­տակ­ցու­թիւ­նը բարձ­րաց­նենք դուրս հա­նե­լու հա­մար  հոն բոյն դրած օ­տա­րա­մո­լու­թիւ­նը: Ճիշդ է, որ սփիւռ­քի տա­րած­քին եր­կու հա­կա­սա­կան կեանք կ՚ապ­րինք: Բայց վե­րա­նո­րո­գուիլ է պէտք: Ու այս մէ­կը կա­րե­լի է հայ դպրո­ցով եւ ա­նոր հայ ու­սու­ցի­չով: Այ­սօր մեզ­մէ կը պա­հան­ջուի յա­ւե­լեալ զգաս­տու­թիւն եւ յա­ւե­լեալ վստա­հու­թիւն՝ հան­դէպ սփիւ­քեան մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն: Այ­լեւս կի­սա­մի­ջոց­նե­րով կամ կարկ­տան­նե­րով կա­րե­լի չէ շա­րու­նա­կել: Նոյ­նիսկ կը կար­ծեմ, որ ար­դէն ազ­գո­վին ու­շա­ցած ալ ենք:

Ու­րեմն սկսինք մեզ­մէ, մեր տու­նե­րէն, մեր դպրոց­նե­րէն, հոն հրամցուած դա­սա­գիր­քե­րէն: Եւ տա­կա­ւին մեր ա­կումբ­նե­րէն կամ հայ կեդ­րոն­նե­րէն, մեր ժո­ղով­նե­րէն: Ա­հա­զանգ հնչեց­նե­լը ա­ւե­լորդ է: Բո­լորս ալ լա­ւա­տե­ղեակ ենք ի­րա­վի­ճա­կին: Մէջ­տե­ղը ա­ղէտ մը կայ մեծ, տե­սա­նե­լի եւ ա­հար­կու: Կայ տխուր եւ վշտա­լի ի­րա­կա­նու­թիւն մը, որ կա­րե­լի ե­ղած չա­փով ա­րագ ու գործ­նա­կան քայ­լե­րու կը կա­րօ­տի: Եւ ա­ւե­լի՛ն. այս բո­լո­րը լսող եւ գոր­ծադ­րող է պէտք: Ա­հա հրա­ւէր մը՝ ար­դար եւ ի­րաւ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016