Չորեքշաբթի 4, Դեկտեմբեր 2024
ՕԼԱՆՏ-ԱԶՆԱՒՈՒՐ ԶՐՈՅՑ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ։ Ընկերային ցանցերու վրայ լայն արձագանգ գտաւ այս տեսակցութիւնը։ Շարլ Ազնաւուր տեղեկացուց, թէ զրոյցի ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը։ Էլիզէի պալատի աղբիւրներն ալ պաշտօնապէս հրապարակեցին Օլանտ-Ազնաւուր զրոյցին լուսանկարը։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016