ՕՀԱՆԵԱՆԻ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԸ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան շա­բա­թա­վեր­ջին աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ դէ­պի Ար­ցախ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ ան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէյ­րան Օ­հա­նեան զրու­ցեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ։ Ներ­կայ էր նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեան։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, քննար­կուե­ցան վեր­ջին օ­րե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դէմ սան­ձա­զեր­ծուած լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձակ­ման վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ։ Կա­րե­ւո­րե­ցուե­ցաւ սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայ­նու­մը եւ խո­րա­ցու­մը՝ որ­պէս Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման ա­ռանց­քա­յին գոր­ծօն։

Սէյ­րան Օ­հա­նեան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մին հետ։ 

ՀԱ­ՄԱ­ՏԵՂ ՅԱՅ­ՏԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խորհր­դա­րան­նե­րու պե­տա­կան-ի­րա­ւա­կան հար­ցե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուած յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով բա­ցա­յայ­տօ­րէն ոտ­նա­հա­րուած են մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի չա­փա­նիշ­նե­րը՝ պա­տե­րազմ վա­րե­լու մա­սին ար­գի­լեալ մի­ջոց­նե­րու եւ մե­թոտ­նե­րու օգ­տա­գործ­մամբ։ Յար­ձակ­ման հիմ­նա­կան թի­րա­խը դար­ձած է քա­ղա­քա­ցիա­կան բնակ­չու­թիւ­նը։ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կին կող­մէ Ար­ցա­խի խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ կա­տա­րուած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն եւ ան­մարդ­կա­յին բռնա­րարք­նե­րուն ա­պա­ցոյց­նե­րը բազ­մա­թիւ են։ Բո­լոր հիմ­քե­րը կան են­թադ­րե­լու հա­մար, որ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կին ներգ­րա­ւուած են վարձ­կան ա­հա­բե­կիչ­ներ։

Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուած է, որ Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի ի­րա­կա­նա­ցու­ցած յար­ձա­կու­մը խա­ղա­ղու­թեան եւ մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղուած մի­ջազ­գա­յին յան­ցա­գոր­ծու­թիւն մըն է։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016