ԲԱԶՄԱՄԵԱՅ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ

Ֆրան­սա­ցի յայտ­նի գի­նե­գէտ Մի­շէլ Ռո­լան վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ իր մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ գի­նիի համ­տես մը։ Այս հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան գի­նե­գոր­ծու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն յայտ­նի դէմ­քեր եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ։

Այս­պէ­սով Մի­շէլ Ռո­լան Հա­յաս­տան տա­րաւ իր գի­նե­գոր­ծու­թեան բազ­մա­մեայ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ գի­նե­գոր­ծու­թիւ­նը կա­րե­ւոր բնա­գա­ւառ մըն է։ Մի­շէլ Ռո­լան գի­նե­գոր­ծու­թեան բնա­գա­ւա­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցեց թէ՛ ար­տադ­րու­թեան եւ թէ հայ­կա­կան գի­նի­նե­րու մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի մէջ վա­ճառ­քի հե­ռան­կար­նե­րուն մա­սին։

Հարկ է նշել, որ Մի­շէլ Ռո­լան Հա­յաս­տան այ­ցե­լեց «Կա­րաս» գի­նի­նե­րու ար­տադ­րու­թեան գոր­ծա­րա­նի հրա­ւէ­րով։ Այս գոր­ծա­րա­նը կը պատ­կա­նի ար­ժան­թի­նա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար Է­տուար­տօ Էր­նէ­քեա­նին։ «Կա­րաս» գի­նի­նե­րը վեր­ջին շրջա­նին լայն ըն­դու­նե­լու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նան շու­կա­յի վրայ։

Մի­շէլ Ռո­լան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ «Կա­րաս» գի­նիի գոր­ծա­րա­նի հրա­ւէ­րով տե­ղի կ՚ու­նե­նան այդ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը՝ քա­նի որ Ռո­լան որ­պէս խորհր­դա­տու կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի այդ գոր­ծա­րա­նին հետ։ Ան ա­մէն տա­րի մէկ-եր­կու ան­գամ կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան՝ գի­նիի մշակ­ման գոր­ծըն­թա­ցի վերջ­նա­կան փու­լին ան­ձամբ ներ­կայ գտնուե­լու հա­մար։ Ռո­լան այս­պէ­սով կը նպաս­տէ Հա­յաս­տա­նի մէջ այս բնա­գա­ւա­ռի զար­գաց­ման։

Յայտ­նի գի­նե­գէ­տի ի պա­տիւ կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյ­թը հա­մախմ­բեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի յա­ռա­ջա­տար ճա­շա­րան­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ «Կա­րաս» գոր­ծա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Պէաթ­րիս Արս­լա­նեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ող­ջու­նեց Ռո­լա­նը ու խօ­սե­ցաւ «Կա­րաս» գի­նի­նե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ա­նոր կող­մէ ներդ­րուած ա­ւան­դին մա­սին։

Իր կար­գին, Մի­շէլ Ռո­լանն ալ յայտ­նեց, որ կա­րե­լի է Հա­յաս­տա­նի մէջ շատ լաւ գի­նի պատ­րաս­տել։

Հարկ է նշել, որ հռչա­կա­ւոր գի­նե­գէ­տը վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց նաեւ Ա­րե­նի գիւ­ղը, ուր ծա­նօ­թա­ցաւ տեղ­ւոյն գի­նե­գոր­ծա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017