ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ ՄԱՅՐԵՆԻՆ
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւը եւ Սփիւռքի նախարարութիւնը որոշած են գործադրել համատեղ ծրագիր մը, որու նպատակն է աջակցութիւն բերել Սփիւռքի կրթական խնդիրներուն։ Երէկ, Երեւանի մէջ, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկըրտչեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստորագրեցին համապատասխան համատեղ հրամանը։ Սոյն ծրագրով նախատեսուած ձեռնարկներու կատարումը համակարգելու նպատակով պիտի գործէ մասնաւոր յանձնաժողով մը։ Հարկ է նշել, որ այս ծրագրի առաջնահերթութիւններէն մին է Սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի պահպանման խրախուսուիլը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը այս տարի եւս կը կազմակերպէ «Արի տուն» ծրագիրը։ Այս ծիրէն ներս սփիւռքահայ երիտասարդներու առաջին խումբը արդէն մեկնած է Հայաստան։