ՀԱՊԿ-ԷՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) երկիրներու քայլերը անհրաժեշտօրէն պէտք է համապատասխանեցուին կարեւոր հարցերու մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուսական շարք մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Վիգէն Սարգսեան բացատրեց, որ ՀԱՊԿ Հայաստանի անվտանգութեան տեսակէտէ շատ կարեւոր համակարգ մըն է։ Այս հանգամանքը ամրագրուած է նաեւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան ու երկրի ռազմական վարդապետութեան մէջ։ «Մենք կը համարուինք այդ կազմակերպութեան հիմնադիր անդամներէն մին եւ բնականաբար շատ կը գնահատենք այդ կառոյցին ներուժը», ըսաւ Վիգէն Սարգսեան։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը ընդգծեց, որ տակաւին կան բազմաթիւ հարցեր՝ կապուած ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէն ներս արտաքին քաղաքական կարեւոր հարցերու մէջ գործողութիւններու համապատասխանեցման հետ։ «Այս ուղղութեամբ Հայաստանի ջանքերով իրականացուած են որոշ քայլեր։ Ի հարկէ, կարեւոր է հասկնալ, որ ոչ միայն ՀԱՊԿ-ի, այլ նաեւ միջազգային այլ կառոյցներու՝ ներառեալ ռազմաքաղաքական դաշինքները, շատ լաւ ծանօթ են իրավիճակներու, երբ նոյն կազմակերպութեան անդամ գործընկեր երկիրները կրնան ունենալ ոչ միայն տարբեր, այլ նաեւ երբեմն հակասական դիրքորոշումներ արտաքին քաղաքական հարցերու մէջ։ Մենք կը կարծենք, որ սա կը թուլացնէ կազմակերպութիւնը, յատկապէս, երբ կազմակերպութեան անդամ երկիրները շատ չեն։ Այս պատճառով ես կը կարծեմ, որ մենք տակաւին աշխատելու տեղ ունինք այս ուղղութեամբ», ըսաւ Վիգէն Սարգսեան։
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ Վիգէն Սարգսեան ընդգծեց, որ սա ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի համար պայքարի օրինակ մըն է։ «Խօսքը ժողովուրդի մը մասին է, որ ստիպուած էր այդ իրաւունքը հաստատել զէնքով, որովհետեւ անոր պատերազմ պարտադրուած էր», ըսաւ Վիգէն Սարգսեան եւ ընդգծեց, որ հայկական կողմը միշտ բաց է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն։ «Մենք աշխուժօրէն կը մասնակցինք բանակցութիւններուն, բայց կը համարենք, որ լուծման ճանապարհ գտնելու որոնումները ուղիղ կապ ունին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ անոր նկատմամբ յարգանքին հետ։ Բոլոր մնացեալ հարցերը, որոնք գոյութիւն ունին այս համատեսքին մէջ, ածանցուած են հիմնական խնդրին։ Անոնք պէտք է կարգաւորուին՝ հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ան-վըտանգութիւնը եւ ազատ զարգացման իրաւունքը», ըսաւ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Վիգէն Սարգսեան ցաւով նկատեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործադրած ջանքերը երբեմն կը ձախողին Ատրպէյճանի պատճառով։ Որովհետեւ Ատրպէյճան միտուած չէ հակամարտութեան լուծման որոնումներուն։
«Ատրպէյճան մշտապէս կը ձգձգէ հակամարտութեան լուծումը՝ աւելցնելով սպառազինութիւնը, տարածելով հռետորաբանութիւն բոլոր մակարդակներու վրայ։ Ատելութեան այդպիսի մակարդակով, ի հարկէ, ղարաբաղեան հարցի մէջ սեփական հասարակութիւնը փոխզիջումային լուծման պատրաստել ուղղակի անհնար է։ Մենք շատ լաւ կը հասկնանք, որ շատ դժուար է համադրել բացարձակապէս իրարմէ տարբեր համակարգերը, որոնք գոյութիւն ունին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի մէջ», եզրափակեց Վիգէն Սարգսեան։