ՃԱՆԵԼԻԾԷ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ կը հիւրընկալուի Միխէյիլ Ճանելիծէ, որ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին եւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ։ Երեւանի մէջ նախատեսուած է նաեւ երկու նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսը։
Միխէյիլ Ճանելիծէ պաշտօնական այցելութեան շրջագծով կ՚ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ, նաեւ ծաղկեպսակ մը կը զետեկէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։