ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱԼ ՄՈՍԿՈՒԱ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա։ Երեւանի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ իր երդման արարողութեան հետեւած ռուսական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ամբողջին մէջ Արմէն Սարգսեան հարցազրոյց մը տուաւ ԹԱՍՍ գործակալութեան։ Նորընտիր նախագահը այս առթիւ ըսաւ.

«Ի հարկէ, շատ հետաքրքրուած կ՚ըլլամ Հայաստանի նախագահի պաշտօնին վրայ մօտակայ ժամանակներս այցելել Մոսկուա։ Աւանդաբար Հայաստանի ղեկավարները Մոսկուա կը կատարեն իրենց առաջին պաշտօնական այցելութիւնները։ Տակաւին յստակ ժամկէտներ չկան»։ Արմէն Սարգսեան աւելցուց, որ որպէս Հայաստանի նախագահ՝ իրեն համար կարեւոր է հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութեան խորացումը, երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդումը։ «Օգտուելով առիթէն ես անկեղծօրէն կը փափաքիմ՝ Ռուսաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն համոզիչ յաղթանակ տարած Վլատիմիր Փութինին մաղթել նոր, աւելի մեծ յաջողութիւններ յետագայ գործունէութեան մէջ՝ զարգացնելու երկրի տնտեսութիւնը, բարձրացնելու քաղաքացիներու բարեկեցութիւնը եւ Ռուսաստանի դերակատարութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ», աւելցուց Արմէն Սարգսեան։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Արմէն Սարգսեան կարեւորեց նաեւ Ռուսաստանի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։ Նորընտիր նախագահը այդ դերակատարութիւնը որակեց առանցքային։ Ան յիշեցուց, որ 23 տարի առաջ Արցախի մէջ եռակողմանի հաշտեցում հնարաւոր եղած էր Ռուսաստանի միջնորդութեան շնորհիւ։ Ան շարունակեց.

«Բոլոր տարածքաշրջանային հակամարտութիւնները ի վերջոյ կը կարգաւորուին, անոնք միանգամայն յաղթահարելի են։ Պատմութիւնը ականատես եղած է ոչ պակաս դաժան ողբերգական հակամարտութիւններու։ Արդէն աւելի քան 25 տարիէ ի վեր այս հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները կ՚ընթանան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափով՝ կարգաւորման այն սկզբունքներու ու տարրերու հիման վրայ, որոնք առաջարկուած են համանախագահ երկիրներուն՝ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ։ Որպէս Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ Ռուսաստան առանցքային դերակատարութիւն ունի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018