«IT-SUMMIT 2019» ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Ռուսաստանի «Համակարգչային եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ձեռնարկութիւններու ընկերակցութեան» եւ «Հայաստանի իրաւազօրութիւն» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ սկսաւ «IT-SUMMIT 2019» համաժողովը, որուն մասնակցելու համար Հայաստան եկած են տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտի աւելի քան 150 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ղեկավարներ, մասնագէտներ եւ պետական կառոյցներու պաշտօնեաներ:

Համաժողովին մասնակիցները ողջունեց Հայաստանի Փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար Յակոբ Արշակեան:

Նախարարը անդրադարձաւ բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտը Հայաստանի մէջ զարգացնելու ուղղութեամբ իրականացուող պետական քաղաքականութեան:

Համաժողովին ելոյթ ունեցաւ փոխ-նախարար Գեղամ Վարդանեան: Ան ներկայացուց տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտին մէջ Հայաստանի ունեցած ներուժը եւ զարգացման կարելիութիւնները: Ան ընդգծած է, թէ ոլորտին արագ յառաջընթացին համար անհրաժեշտ է համակարգուած մօտեցում:

Միւս կողմէ, IT-SUMMIT-ը Երեւանի մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով կը գումարուի, եւ այս տարի կարելիութիւն կ՚ընձեռուի հայկական տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ընկերութիւններուն՝ հիւրերուն ներկայացնելու հայկական յառաջադէմ մշակումները, գիտական հետազօտութիւններու արդիւնքները եւ լաւագոյն գործնական լուծումները:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019