ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՂԻՒՍԱԿԸ

Համացանցի անվտանգութեան 2018-ի համաշխարհային վարկանշային աղիւսակին վրայ Հայաստան յայտնուած է 79-րդ հորիզոնականին՝ անցած տարուան ցուցանիշին համեմատած 32 հորիզոնականով բարելաւելով իր դիրքը:

Վարկանշային աղիւսակը կազմած ատեն նկատի կ՚առնուի տուեալ երկրի հակուածութիւնը համացանցի անվտանգութեան, որուն ծիրին մէջ կը գնահատուին՝ օրէնսդրական դաշտը, թեքնիկ տուեալները, որակի բարձրացումը եւ գործակցութիւնը:

Վարկանշային աղիւսակը կը գլխաւորէ Բրիտանիան, որուն կը յաջորդեն Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան:

Ըստ մասնագէտներու, 2018-ի վերջի դրութեամբ աշխարհի վրայ համացանցի 3.9 միլիառ օգտատէր արձանագրուած է, որ մոլորակի բնակչութեան 51.2 տոկոսն է: Կը նախատեսուի, որ այդ ցուցանիշը 2030-ին 70 տոկոսի հասնի:

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019