ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԵՏԻՈՏՆ ԱՐՇԱՒԵԼՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԵՐԹՈՒՂԻ

Ճաբոնական երկարատեւ արշաւային ուղիներէն մինչեւ արժանթինեան ջրառատ անտառային շրջաններ՝ «Սի. Էն. Էն. Թրեւըլ»ը կազմած է արշաւային զբօսաշրջութեան լաւագոյն երթուղիներու ցանկը, որուն մէջ տեղ գտած են 23 վայր՝ հետիոտն զբօսանքներու համար: Ցանկին մէջ է նաեւ Հայաստանը:

Կը նշուի, որ տասնմէկօրեայ արշաւը կարելիութիւն կու տայ ծանօթանալու Հայաստանի եւ Մետաքսի ճանապարհի լաւագոյն երթուղիներուն, որոնք կը միաւորեն ԻՒՆԷՍՔՕ-ի պաշտպանութեան տակ գտնուող Սանահին եւ Հաղբատ վանական համալիրները՝ անցնելով լեռնային արահետներով եւ կանաչ անտառներով, կարելիութիւն ընձեռելով հետիոտն արշաւ իրականացնել Գեղամայ լեռներուն մէջ եւ յաղթահարելու Արագածի բարձունքը:

Մինչ այդ, Հայաստանէն բացի, ցանկին մէջ ներառուած են՝ Սպանիան, Անգլիան, Միացեալ Նահանգները, Ճաբոնը, Արժանթինը, Մարոքը, Հոնկ Քոնկը, Պութանը, Գերմանիան, Հնդկաստանը, Ուկանտան եւ շարք մը այլ երկիրներ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019