ՀՌՈՄԷՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

Իտալիոյ խորհրդարանը երէկ վաւերացուց բանաձեւ մը, որու բովանդակութեան մէջ 1915 թուականի դէպքերը կ՚որակուին որպէս ցեղասպանութիւն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իտալիոյ մէջ համախոհական կառավարութեան կողմէ խորհրդարանի օրակարգին վրայ բերուած այս նախագծին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչցուի եւ կը պահանջուի, որ միջազգային հարթութեան վրայ այդ մէկը պաշտպանուի։ 43 ձեռնպահ ձայներու դէմ 382 քուէներով հաւանութեան արժանացաւ այդ բանաձեւը։ Ոեւէ երեսփոխան դէմ չքուէարկեց այս նախագծին։ Միայն ընդդիմադիր «Ֆորցա Իթալիա» կուսակցութեան երեսփոխանները մնացին ձեռնպահ։

Խորհրդարանէ ներս տեղի ունեցած քուէարկութենէն առաջ ելոյթ մը ունեցաւ «Հինգ աստղ» կուսակցութեան երեսփոխաններէն Էնրիքօ Քարելլի։ Հարկ է նշել, որ այս կուսակցութիւնը մաս կը կազմէ համախոհական կառավարութեան, սակայն դէմ է երկրի ընդհանուր համակարգին։ Էնրիքօ Քարելլի յայտնեց, որ ժամանակակից Թուրքիան բոլորովին տարբեր է Օսմանեան կայսրութենէն եւ Իտալիոյ համար բարեկամ երկիր մըն է, հետեւաբար երկու երկիրներու լաւ յարաբերութիւնները պէտք չէ վէճի նիւթ դարձուին։ Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ Թուրքիա ռազմավարական դերակատարութիւն մը ունի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ։

Ըստ հայկական զանազան լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած յաւելեալ մանրամասնութիւններուն, Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած բանաձեւին մէջ կը նախատեսուի յաւելեալ զօրակցութիւն ցուցաբերել Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան համար։ Բաց աստի, նախագիծով նաեւ կը յանձնարարուի Անգարայի իշխանութիւններուն, որպէսզի անյապաղ երկխօսութեան սկսի Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ՝ յատկապէս դիւանագիտական եւ տնտեսական կապեր հաստատելու նպատակով։ Միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղուած է, որպէսզի վերջ գտնէ Հայաստանի դէմ շրջափակումը։ Այս բանաձեւի հեղինակը եղած է երեսփոխան Ճիանքարլօ Փակլիարինի եւ անոր զօրակցած են երկրի համախոհական կառավարութեան անդամ կամ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն երեսփոխաններ։ Համայնավար կուսակցութիւնը աւելի խիստ բանաձեւ մը պահանջած է եւ երէկ հաւանութեան արժանացած բանաձեւին զօրակցութիւն չէ բերած։ Հարկ է նշել, որ Ճիանքարլօ Փակլիարինի ամուսնացած է 1915-ի վերապրածներէն մէկուն զաւկին հետ։

Անգարայի իշխանութիւնը բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս որոշման դէմ։ Անգարայի մօտ Իտալիոյ դեսպանը արդէն քուէարկութենէն առաջ հրաւիրուած էր Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իր նկատառման յանձնուած էին Թուրքիոյ վերապահութիւններն ու անհանգստութիւնները։ Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս որոշումէն վերջ երէկ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հանդէս եկաւ բուռն յայտարարութիւնով մը։ Նախարարը յայտնեց, որ Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ առնուած որոշումը Թուրքիոյ տեսակէտէ կը համարուի ոչինչ։ «Մեզի համար ոչինչ են Իտալիոյ խորհրդարանի այս որոշումը՝ ինչպէս այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք կը քաղաքականացնեն պատմութիւնը։ Մեզի համար անընդունելի է, որ Իտալիոյ խորհրդարանը գործիք դարձած է «Լեկա» կուսակցութեան, որ օտարատեաց է եւ Եւրոխորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ժամանակ քուէները բարձրացնելու նպատակով այսպիսի խաղ մը բեմադրած է», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Բաց աստի, Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով պախարակեց Իտալիոյ կողմէ առնուած այս որոշումը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019