ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-

Կիրակի, ապրիլ 7-ի յետմիջօրէին Մարսէյլի Մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ անմահ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը։ Որոշուած ժամէն առաջ, Տան վերի «Վասպուրական» սրահին բոլոր աթոռները արդէն գրաւուած էին շուրջ 300 հաշուող հանդիսական բազմութեան կողմէ։ Արտասովոր երեւոյթ հայկական հաւաքոյթներուն համար՝ ձեռնարկը սկսաւ գրեթէ որոշեալ ժամուն։ 

Բացման իր խօսքին մէջ, Տան վարչութեան ատենապետ Կարօ Յովսէփեան ծանրացաւ հայ ժողովուրդի սրտին մէջ մեծանուն եկեղեցականին, երաժշտագէտին, արուեստագէտին նուաճած տեղին վրայ, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւնները։ Իրմէ յետոյ խօսք առին Մարինիանի երաժշտանոցի նախկին տնօրէն, դաշնակահար Ռաֆֆի Արզումանեան, որ արտայայտուեցաւ ֆրանսերէնով եւ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի խմբավար Խաչիկ Եըլմազեան, որ խօսեցաւ հայերէն։ Առանձին-առանձին պիտի չանդրադառնանք իւրաքանչիւրին՝ կէսական ժամ տեւած ելոյթին։ Երկուքն ալ յագեցուած, լրացուցին զիրար եւ ունկնդիրին լաւագոյն կերպով պարզեցին մեծանուն Վարդապետին կեանքի ամբողջական ուղին, սկսեալ այն օրէն՝ երբ 1880-ին կուտինացի 11 տարեկան որբուկ փոքրիկն Սողոմոն Սողոմոնեան իր զիլ ձայնով շարական երգեց Գէորգ Դ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին առջեւ եւ Վեհափառը յուզեց այնքա՜ն, որ Հայրապետին աչքերը սկսան արտասուիլ։ Ան՝ որպէս հմուտ երաժշտագէտ մարդ, իսկոյն հասկցաւ, որ տաղանդ մըն է իր դիմաց ելլող երեխան եւ իր պաշտպանութեան տակ առաւ զայն։ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ ուսումը աւարտած երիտասարդը 1893-ին դարձաւ վարդապետ, վերակոչուեցաւ Կոմիտաս ի յիշատակ անցեալի երաժիշտ եւ շարականագիր Կոմիտաս Կաթողիկոսի (615-628)։ Եղաւ Մայր Աթոռի երգչախումբի ղեկավար, շրջեցաւ գիւղերն ու գաւառները, հայկական նօթագրութեան օգնութեամբ ձայնագրեց գողտրիկ, գեղջկական երգեր, պարզ եղանակներ։ Եւ ոչ միայն հայկական։ Մեծահարուստ բարերար Մանթաշեանցի թոշակով գնաց Պերլին, կատարելագործելու իր գիտելիքները եւ երգարուեստը։ Անբաւարար էին իր ապրուստի միջոցները եւ զրկանքով կ՚ապրէր… երբ իրիկուն մը երաժշտանոցի տնօրէն Ռիխարթ Շմիթ կը տեսնէ անոր վիճակը, այնուհետեւ կը հրաժարի իրմէ նոյնիսկ մէկ ֆենիկ առնելէ։ 

Պիտի զանցեմ հոս մի առ մի թուելէ իր հսկայական ներդրումը՝ հայ երաժշտութիւնը օտարներուն ծանօթացնելու համար։ Յիշենք միայն, որ բարձր գնահատելով իր այդ աշխատանքը՝ իր ուսուցչապետը դարձաւ իր ամենաջերմ մտերիմներէն մին. ֆրանսացի Լուի Լալուա զինք որակեց «Աստուածային Հայր Կոմիտաս» եւ ուրիշ ֆրանսացի մը, մեծ յօրինող Քլոտ Տըպիւսի 1914-ին Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ զինք լսելէ յետոյ, խոնարհեցաւ իր առջեւ…։

Կը ցաւինք եւ յաւիտենապէս պիտի ցաւինք որ՝ երբ օտարներ զինք այնքա՛ն գնահատեցին ու փայփայեցին, հայերը, մասնաւորապէս հայ յետամնաց կղերը փոխանակ իր կարգին ամէն ինչով աջակից դառնալու, նախանձեցաւ եւ անոր կեանքը նոյնիսկ անտանելի դարձուց Էջմիածնէն մինչեւ Պոլիս…։ Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, Կոմիտաս Վարդապետի քնարը կոտրուեցաւ 1915 ապրիլ 24-ին, երբ ինք ալ հայ մտաւորականութեան հետ ձերբակալուեցաւ եւ Չանղըրը տարագրուեցաւ։ Յաջորդող քսան տարիներուն թէեւ ան ֆիզիքապէս ապրեցաւ, սակայն միջուկէ պարպուած չոր կեղեւ մըն էր ինք…։

Այսօր, Կոմիտաս յետմահու կուռք մը դարձած է համայն հայութեան համար։ Կրնանք մտաբերել կամ երեւակայել, թէ ինչպիսի՛ բարձունքի ան պիտի հասցնէր հայ երաժշտութիւնը, եթէ այդ քսան տարիները բնականոն, պտղաբեր եղած ըլլային…։

Բանախօսներու ճառերէն եւ առթած խորհրդածութիւններէն ետք, անցնինք յաջորդող գեղարուեստական բաժնին, որ տեւեց աւելի քան մէկ ժամ։ Տողերս ստորագրողը սովոր չէ գովեստներ շռայլելու ամէն առիթով. բայց այս մէկը եղաւ հոգեկան կատարեալ վայելք մը, արժանի՝ ամէն գովեստի եւ գնահատանքի։ Նախ, Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տիգրանեան երգեց իր անուանակից մեծ Վարդապետին դաշնաւորած ծանր «Խորհուրդ խորին»ը եւ պատարագի վերջաւորութեան «Գոհանամք»ը։ Էր երբեմն, երբ Մարսէյլի մէջ ալ առաջին մեղեդիին երգեցողութեամբ լեցուն եկեղեցիներու եւ լեցուն բակերու մէջ, եպիսկոպոսական եւ կաթողիկոսական թափօրներ պատարագի կ՚առաջնորդուէին. էր երբեմն…

Իրմէ յետոյ, բեմը տրամադրուեցաւ երիտասարդ Թոմաս Թերզիեանի բեմադրածին. Պարոյր Սեւակի ծանօթ «Անլռելի զանգակատուն» քերթուածի ընթերցման ենթախորքին վրայ (որ իր բամբ ձայնով ինք կատարեց) դաշնակի նուագակցութեամբ Վարդուհի Թանկալեանի, ջութակի նուագակցութեամբ Ալեքսանտր Շիրինեանի եւ դուդուկի նուագակցութեամբ Ռաֆֆի Տէրտէրեանի, սոփրանօ Արմենուհի Խաչիկեան մեկնաբանեց Կոմիտաս Վարդապետէն 12 երգ, սկսելով «Գարուն ա»էն «Ալագեազ»էն մինչեւ «Հայաստան՝ երկիր դրախտավայր» եւ «Տէ՛ր, ողորմեա՛»։

Ըսել, թէ իսկապէս յիշատակելի պահեր ապրեցանք, բնաւ չափազանցութիւն չէ։ Վարի յարկի «Տարօն» սրահին մէջ հիւրասիրութիւնով մը վերջ գտաւ այս եզակի ցերեկոյթը, որուն ներկայ էին Տ. Տրդատ Քհնյ. Պազիկեան, Հ. Սուքիաս Մունզէր եւ Maison Blanche թաղապետարանին մէջ տեղի ունեցող ցուցադրութեան հայաստանցի արուեստագէտները, գլխաւորութեամբ՝ Խաչիկ Աբրահամեանի։ 

Կրկին «վարձքերնիդ կատար» պիտի ըսենք կազմակերպիչներուն, ճառախօսներուն եւ արուեստագէտներուն։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019