Հինգշաբթի 9, Յունուար 2025
BREXIT-Ի ՀԱՄԱՐ ՃԿՈՒՆ ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ ՄԻՆՉԵՒ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ 31-Ը
Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի BREXIT-ը յետաձգուի մինչեւ հոկտեմբերի 31-ը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք տեղեկացուց, որ միութեան անդամ 27 երկիրներուն եւ Անգլիոյ մէջ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի BREXIT-ը յետաձգուի մինչեւ հոկտեմբերի 31-ը եւ այս կապակցութեամբ նախատեսուած է ճկուն յետաձգում մը։
Պրիւքսելի մէջ BREXIT-ի օրակարգով կազմակերպուած ԵՄ-ի գագաթաժողովէն վերջ Տանըլտ Թուսք նշեց, որ այս ճկուն յետաձգումը Անգլիա յաւելեալ վեց ամսուան ժամկէտ մը կ՚ունենայ՝ լաւագոյն լուծումը գտնելու համար։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019