INALCO-Ի ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան վերջերս այցելեց Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (Institut National des Langues et Civilisations Orientales-INALCO) կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ այդ կաճառի նորանշանակ նախագահ Ժան-Ֆրանսուա Իւշէի հետ։ Ներկայ էր նաեւ այդ կաճառի Հայկական ամպիոնի վարիչ Անահիտ Տօնապետեան։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ դեսպան Տոլմաճեան շնորհաւորեց Ժան-Ֆրանսուա Իւշէն կրթական այդ կարեւոր հաստատութեան ղեկավար նշանակման կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յետագայ գործունէութեան համար։ Կարեւորելով Հայկական ամպիոնի աւելի քան 200-ամեայ գործունէութիւնը՝ Յասմիկ Տոլմաճեան նշեց, որ այդ մէկը իրաւամբ կը համարուի Հայաստանէ դուրս հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ամենանշանակալի կեդրոններէն մին։ Հանդիպման տեւողութեան զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Հայաստանէ ներս գործող գիտական եւ կրթական հաստատութիւններու հետ ներկայ համագործակցութեան եւ ապագայ հաւանական ծրագրերու շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառը հիմնադրուած է 1669 թուականին, Ժան-Պաթիստ Քոլպէրի կողմէ՝ որպէս երիտասարդներու համար լեզուներու դպրոց։ Հայերէնի առաջին դասերը պաշտօնապէս սկսած են 1799 թուականին։ Հայագիտական ամպիոնը ստեղծուած է 1812-ին եւ անոր առաջին ղեկավարը եղած է ականաւոր լեզուաբան Յակոբ Շահան Ջրպետեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2019