«ՔԱ՛Ջ ԵՂԷՔ, ԵՍ ԵՄ, ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ»

Վախի եւ անդոհանքի մատնուած էին առաքեալները, երբ տեսան ուրուական մը, որ լիճին վրայէն քալելով՝ իրենց քով կու գար, յանկարծ սկսան պոռալ։ Այդ ենթադրեալ «ուրուական»ը Քրիստոս Ի՛նքն էր, որ այդ վայրկեանին առաքեալներուն դառնալով՝ կ՚ըսէ. «Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք» (Մտ 14.27)։

Քրիստոս աշխարհ եկած էր, որպէսզի մարդոց սրտին մէջ բոյն դրած մեղքը Իր քաւչարար Ս. Արեամբ արմատախիլ ընէր եւ զայն դարձնէր Ս. Հոգիին տաճարը։ Քրիստոս մարմին զգեցած էր՝ յուսահատուածներուն մխիթարութիւն պարգեւելու, կարօտեալներուն՝ սէր, անհաւատներուն՝ հաւատք, սրտաբեկներուն՝ կարեկցանք, խռովարարներուն՝ խաղաղութիւն, կորուսեալներուն՝ երկնքի արքայութիւն...։

Այսօ՛ր Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնն է։ Քրիստոս յարեա՛ւ ի մեռելոց։ Մինչեւ Աստուածորդւոյն աշխարհ առաքումը, մարդկութեան համար կեանքն ու անոր նպատակը կը մնային անվաղորդայն։ Մահը սարսափազդու հանգրուան մըն էր, սակայն Քրիստոս Իր Յարութեամբ ցոյց տուաւ, որ մահը վերջնակայն մը չէ՛, այլ նոր կեանքի մը սկիզբն է։

Մարդ արարածը հեռացած էր իր Երկնաւոր Հօրմէն, իր Արարիչէն եւ իր գոյութենական անպատճառ Պատճառէն։ Իր աստուածատուր կոչումը հաւատարմօրէն իրագործելու կոչուած մարդը աշխարհապատկան էր դարձած։ Իր անառակ կեանքով, մեղաւոր նկարագրով ու անձնակեդրոն նպատակով մարդը կը գտնուէր մահուան անդունդին մէջ։ Մերժած էր ան երկնատուր արժէքներն ու ճշմարտութիւնները, եւ հիմնած՝ իր արժէքներու համակարգը, իր իշխանութիւնը: Յարուցեալ Աստուածորդին Իր հրաշափառ Յարութեամբ մարդուն առջեւ բացաւ դէպի յարուցեալ կեանք առաջնորդող ճամբան: Մարդուն նկատմամբ Իր ունեցած անհուն սիրոյ մղումով աշխարհ եկած Աստուծոյ Որդին սիրոյ նոյն մղումով կատարեց Իր փրկագործական առաքելութիւնը՝ Բեթղեհէմէն մինչեւ Յարութիւն։ Քրիստոս սէր քարոզեց, սիրոյ գերագոյն մարմնացումը եղաւ, սիրով մղուած աղքատին հետ եղաւ, հիւանդը բժշկեց, անդամալոյծին Իր բժշկարար ձեռքը երկարեց ու մեռեալին կեանք տուաւ։

Այսօր, դժբախտաբար, քրիստոնէական աշխարհը քորոնաժահրին պատճառաւ չի՛ կրնար Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը հանդիսաւորապէս նշել։ Առողջապահական նկատառումներէ մեկնելով, մեր տուները մեկուսացած ենք, շատեր հիւանդանոցներու մէջ կ՚անցընեն, իսկ ոմանք ալ դիմադրողականութեան անբաւարարութեան պատճառաւ այս ոխերիմ ժահրի զոհը կը դառնան։ Այո՛, եկեղեցի յաճախելը, մանաւանդ այս տօնական օրերուն, մեզ հոգեպէս կը վերանորոգէ, հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ Աստուծոյ հետ, սակայն կրնանք մեր տուները եկեղեցի՛ դարձնել՝ հրաւիրելով Յարուցեալ զՔրիստոս, որպէսզի Ինք մեր մեղքերը ներէ, քաւէ եւ Իր շնորհքներով մեր հոգիները լուսաւորէ ու ծաղկազարդէ։

«Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք» (Մտ 14.27)։

Որմէ՞ վախնալ։ Վախնալ այն ժահրէն, որ կրնայ ֆիզիքապէս մեզ տանջել, բայց ո՛չ՝ հոգեպէս։ Վախնալ այն համաճարակէն, որ ժամանակաւոր բնո՞յթ ունի։ Վախնալ այն աշխարհաստեղծ ախտէն, որ կարողութիւն ունի մարմինը կազմալուծելու, բայց ո՛չ՝ աստուածաստեղծ հոգին։ Սիրելի՛ հաւատացեալ, Քրիստոս, այսօ՛ր, դժնդակ պայմաններուն մէջ իսկ, մեզի՝ Թովմասներուս ցոյց կու տայ Իր վէրքերը, որպէսզի բուժուին պատերազմներու եւ աղէտներու պատճառած վէրքերը, մանաւանդ պսակաձեւ ժահրի պատճառաւ յառաջ եկած նեղութիւնները, հիւանդութիւններն ու կորուստները։ Քրիստոս մատնացոյց կ՚ընէ Իր չարչարանքներու հետքերը, որպէսզի վերջնականապէս դադրին մարդկային հոգիի տառապանքները եւ լռեն ատելավառ ձայները։ Հաւատանք բժիշկներու Բժիշկին, մեր Ստեղծիչին, Մխիթարիչին եւ Ինք Իր Ս. Աջը պիտի երկարէ մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ։

Այս դժուար ժամանակներուն մէջ համբերութիւնը, յոյսը եւ հաւատքը ամենամեծ բալասաններն են։ Եկէ՛ք պահ մը խորհրդածենք.

Մարդիկ, ընդհանրապէս, տեսնելով իրենց նմանակիցներու վատաբարոյ արարքները, երբեմն կրելով անոնց տխուր ազդեցութիւններն ու հետեւանքները, չեն կրնար համբերատարութեամբ տանիլ իրենց կեանքին մէջ պատահած փորձութիւնները, դառնութիւններն ու դժուարութիւնները։ Պօղոս առաքեալ Հռոմէացիներուն յղած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Տակաւին կը պարծենանք նաեւ մեր նեղութեանց մէջ, գիտնալով որ նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս…» (Հռ 5.3-5)։ Աստուած երբեք մեզի չխոստացաւ հանգստաւէտ կեանք մը, այլ ընդհակառակը, Ան կը ձգէ որ ցորենն ու որոմը միասնաբար աճին մինչեւ հունձքի ժամանակ (Հմմտ. Մտ 13.24-30)։ Աստուած աւելի կը փառաւորուի փորձութեանց մէջ մեր ցուցաբերած համբերութեամբ, քան հանգիստի մէջ մեր ցուցաբերած հաւատքով։ Աստուած աւելի հպարտացաւ եւ ուրախացաւ Յոբով իր կրած բոլոր նեղութիւններուն մէջ՝ իր յայտնաբերած համբերատարութեան եւ հաւատքին համար, քան անոր հանգիստ կեանք մը վարած ժամանակ։ Յոբ իր յօժարակամ համբերութեամբ փաստեց, որ ինք Աստուծոյ ծառան էր եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ պարգեւած հանգիստին ծառան։ Յոբ իր հանգիստին հետ միասին իր հաւատքն ալ չկորսնցուց, որովհետեւ իր հաւատքը իր հանգիստով չէր պայմանաւորուած, այլ պայմանաւորուած էր այն ջերմ սիրով, որ ունէր Աստուծոյ հանդէպ։

Աշխարհի ալեկոծ ծովին մէջ նաւարկելու ժամանակ երբ յոյսով «բարի Նաւապետին» կը դիմես, Ան վստահ քեզ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ կ՚առաջնորդէ։ Երբ Աստուծոյ յոյսով լեցուած ես՝ տրտմութեան, տխրութեան, դժուարութեան եւ դառնութեան ժամանակ ժայռի վրայ շինուած տան նման անխորտակելի կը մնաս (Հմմտ. Մտ 7)։ Յոյսո՛վ ապրիր, ինչքան ալ մութ, պղտոր եւ անորոշ երեւին կեանքի օրերդ։ Չէ՞ որ օձի թոյնէն դեղ կը շինուի։ Միթէ Աստուած չի՞ կրնար նեղութեան ընդմէջէն փրկութեան ելք յայտնել քեզի։ Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ, որ Աստուած բարիին գործակից է (Հմմտ. Հռ 8.28)։ Բարի ծրագիր չէ՞ր փրկագործութիւնը, որ Աստուծոյ ցուցաբերած սիրոյն սրբազան պատմութիւնն է։ Քրիստոս փրկութեան հրաւիրեց ո՛չ միայն կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողները, այլ՝ կորսուածները (Հմմտ. Ղկ 19.10)։ Վերստին կեանքի կոչեց ո՛չ միայն մահաբեր ընթացք ունեցողները, այլ՝ հոգեւորապէս մեռածները (Հմմտ. Եփ 2.4-5)։ Հաշտութեան ուխտը կնքեց (Հմմտ. Կղ 1.20), մարդուն մարմինը պատուեց՝ զայն Ս. Հոգիի տաճարի վերածելով (Հմմտ. Ա.Կր 6.19) եւ Իր խնամքին ներքեւ պահելու պատրաստակամութիւնը յայտնեց (Հմմտ. Մր 28.20)։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5)։

Սիրելի՛ ընթերցող, հաւատա՛ յարուցեալ Քրիստոսի։ Հաւատա՛ պարզ, բայց Ս. Հոգիով լեցուած առաքեալներուն նման եւ Տիրոջ վստահէ։ Հաւատա՛ Սիմոն Կիւրենացիի պէս անտրտունջ եւ Քրիստոսի խաչը կրէ կեանքի յաղթանակի աներկբայ վստահութեամբ։ Յովսէփ Արիմաթացիի նման բարեգործութիւններ կատարէ, օգնութեան ձեռք կարկառէ քեզմէ տկարներուն, հասի՛ր մեր պապիկներուն եւ տատիկներուն, որոնք տարիքի եւ իրենց առողջութեան բերմամբ տունը մնացած են։

Շարունակէ ապրիլ եւ գործել Քրիստոսի հետ եւ յանուն Քրիստոսի, որպէսզի այսօր հնչող «Քրիստոս յարեաւ» աւետիսը զօրացնէ մեզ ապագայի հանդէպ լաւատեսութեամբ ու վստահութեամբ։ Թող մեր սրտերը մաքրազարդուին, մեր մտքերը պայծառանան, մեր շրթները Աստուծոյ կրակո՛վ սրբուին՝ սիրով եւ միասնութեամբ յաղթահարելու այս բոլոր նեղութիւններն ու անկոչ համաճարակը։

Լսէ՛ Տիրոջ խօսքը եւ Անոր վստահէ. «Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք» (Մտ 14.27)։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020