ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑՈՒՄ ՄՕՏԱՒՈՐ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՉԻ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը մօտաւոր ապագային օրակարգի վրայ չի գտնուիր, սակայն երկու երկիրները կ՚աշխատին սահմանային անցակէտերու բացման ուղղութեամբ։

Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած են նախարար Չավուշօղլուի կողմէ «A Haber» հեռուստակայանէն հնչած յայտարարութիւնները։ Այսպէս, ան յայտնած է, որ մօտաւոր ապագային հայկական դեսպանատան մը բացումը կրնայ տեղի չունենալ, որովհետեւ նախ պէտք է կարգ մը քայլերու ձեռնարկել։ «Մենք բացած ենք մեր օդային տարածքը Հայաստանի համար, բեռնափոխադրումներ կ՚իրականացուին, փոխադարձ օդային հաղորդակցութիւն սկսած է։ Բայց ցամաքային անցակէտեր բանալու համար, քաղաքական պայմաններուն զուգահեռ, նախ պէտք է ճանապարհները պատրաստուին, վերականգնուի կամուրջը։ Եւ մենք արդէն ունինք կամուրջի կառուցման պայմանաւորուածութիւններ», ըսաւ ան։ Ցամաքային սահմանի բացումը կ՚ենթադրուի իրականացնել դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու կամ երրորդ երկիրներու շարքային քաղաքացիներու համար։

Միեւնոյն ժամանակ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուած իւրաքանչիւր քայլ Թուրքիոյ կողմէ կը կատարուի Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցաբար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2023