ԻՐԱՆ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի Թեհրան կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի կողմէ հիւրընկալուած էր Արմէն Գրիգորեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թեհրանի շփումներուն ժամանակ Ալի Շամխանի ընդգծեց, որ Կովկասէ ներս լարուածութիւնն ու հակամարտութիւնը չեն ծառայեր որեւէ երկրի շահուն, իսկ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն վերջ տալու համար հարկաւոր է շարունակական երկխօսութիւն։ «Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս որեւէ աշխարհագրական փոփոխութիւն լարուածութիւն կը ստեղծէ եւ այդ մէկէն կ՚օգտուին տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան թշնամիները», նշեց Շամխանի։ Բաց աստի, ան յայտնեց, որ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն վերջ տալու կոշտ մօտեցման պէտք է փոխարինեն շարունակական երկխօսութիւնն ու շփումները։ Շամխանի համոզուած է, թէ Կովկասէ ներս զգայուն ժամանակաշրջան մըն է։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Ատրպէյճան եւ Հայաստան պիտի կարողանան յաղթահարել առկայ լարուածութիւնը։ «Տարածաշրջանի բոլոր կողմերուն Իրանի կարեւորագոյն խորհուրդներէն են բարիդրացիական յարաբերութիւններու պահպանումը եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման համատեղ ջանքերը», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Արմէն Գրիգորեանն ալ Թեհրանի մէջ նշեց, որ Իրան կարեւոր դեր կը կատարէ Հարաւային Կովկասի երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը քննարկեցին տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը։ Արմէն Գրիգորեան Իրանը շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կապակցութեամբ։

ՊԱՔՈՒԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Մինչ այդ, Արմէն Գրիգորեանի Թեհրան այցելութեան ընդառաջ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Երէկ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճըզատէ այս կապակցութեամբ տեղեկացուց, որ Պաքու հետաքրքրուած է բոլոր երկիրներուն՝ ներառեալ Թեհրանի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններով։ Բանբերը դրական գնահատեց Ապտուլլահիանի եւ Պայրամովի վերջին հեռախօսազրոյցները։ Անոնք հեռախօսազրոյցներ ունեցած են ապրիլի 7-ին եւ 8-ին։ Ըստ Հաճըզատէի, անոնք մանրամասն քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հիմնախնդիրները։ «Փոխադարձ յարգանքը տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան մշտական առաջնահերթութիւնն է։ Ատրպէյճան կը շարունակէ ջանքեր գործադրել իր ազգային շահերն ու ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ», ըսաւ բանբերը եւ աւելցուց, որ Ապտուլլահիան եւ Պայրամով վստահութիւն յայտնած են երկու երկիրներու համատեղ նախագիծերու իրականացման վերաբերեալ։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ Ղազախիստան կատարած այցելութեան ընթացքին ի շարս այլ նիւթերու խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացին մասին։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին վրայ աշխատանքը թէեւ հարթ չ՚ընթանար, սակայն Ատրպէյճան մտադիր է բարելաւել յարաբերութիւնները իր հարեւանին հետ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2023