ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԼԵԶՈՒ

Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառը (INALCO) Եւրոպայի ամենակարեւոր գիտական-համալսարանական կառոյցներէն մին է հայերէնի տեսակէտէ։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ վերջերս լոյս տեսաւ հարցազրոյց մը՝ INALCO-ի հայերէնի դասախօս Մելանի Քլըճեանի հետ։ 17-րդ դարէն ի վեր INALCO հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան՝ ֆրանսացիներուն լեզուներու գիտութիւնը ուսուցանելու, ֆրանսական դասաւանդութիւնը բանալու արեւելեան լեզուներու աշխարհին՝ ճանչցուած լեզուներու սփռումով։ Այս բոլորը օգտակար կը համարուին նաեւ քաղաքականութեան եւ առեւտուրի տեսակէտէ: Ստորեւ «Նոր Յառաջ»էն կ՚արտատպենք Մելանի Քլըճեանի հետ՝ թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանի կողմէ կատարուած առցանց հարցազրոյցը։

*

-Որքանո՞վ դեռ ֆրանսացիներուն համար հայերէնի ուսուցումը օգտակար է թէ՛ քաղաքականութեան եւ թէ՛ առեւտուրին։

-Ճիշդ է, որ INALCO-ի առաջին առաքելութիւնը այդ եղած է. հետաքրքրական է նաեւ, թէ այս տարին այն հազուադէպ տարիներէն է, որ երբ ներկայացող ուսանողի մը հարցուցի. «ինչո՞ւ համար ընտրած էք հայերէնը», ան ըսաւ. «Որովհետեւ դիւանագէտ կ՚ուզեմ ըլլալ»: Ասկէ առաջ անգամ մը պատահած է նոյնը, այլապէս եթէ քաղաքականութիւն համարենք դիւանագիտութիւնը, ըսենք որ քիչ կը պատահին նման դէպքեր: INALCO ունի լիսանսի երկրորդ տարիէն սկսեալ տարբեր ճիւղաւորումներ, որոնցմէ մէկը կը կոչուի միջազգային յարաբերութիւններ,
հետեւաբար այնտեղ կը դասաւանդուին
քաղաքականութեան առընչուող նիւթեր եւ
այդտեղ ուսանողը լեզուէն, պատմութենէն, քաղաքակրթութենէն զատ նման նիւթերու ալ կը հետեւի:

Առեւտուրին մասին ուղղակի ճիւղ մը չկայ, բայց կ՚ենթադրեմ, թէ մանաւանդ այն երկիրներու պարագային, ուր առեւտուրը կարեւոր ազդակ մըն է, ինչպէս՝ Չինաստանը, Ռուսաստանը եւ այլն, լեզուի իմացութիւնը իսկապէս կը նպաստէ:

-Այսօր INALCO-ի մէջ հայերէն լեզու ուսանող տիպար աշակերտը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, ո՞վ պիտի ըլլայ, ի՞նչ նպատակով կը սորվի հայերէն, աշակերտութեան ո՞ր տոկոսը հայերէն կը սորվի հայ ըլլալուն կամ ծագումով հայ ըլլալուն համար։

-Այս վերջին տարիներուն կէսը ծագումով հայ է կամ ինքզինքը որպէս հայ կը ներկայացնէ, միւս կէսը հայ չէ: Համեմատութիւնը միշտ այդքան բարձր չէ եղած, բայց միշտ ալ եղած են ոչ-հայերը, որոնք տարբեր պատճառներով հետաքրքրուած են հայերէնով: Շատ անգամ կրնանք ըսել, որ պատմաբան են, լեզուաբան են կամ իրաւաբան են եւ իբրեւ յաւելեալ մասնագիտութիւն կ՚ուզեն լեզու սորվիլ: Երբեմն հայ ալ կ՚ըլլան անոնք, երբեմն՝ ոչ:

-Այս 20-30 տարուան ընթացքին հայերէնի ուսուցումը ի՞նչ հոլովոյթի ենթարկուած է INALCO-ի մէջ։

-Հայաստանի անկախացումով՝ արեւելահայերէնի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը աւելցած է, ունինք ուսանողներ, որոնք կու գան, կ՚արձանագրուին, իրենք Հայաստանի մէջ ուսում ստացած են, կան ուսանողներ, որոնք ուղղակի արեւելահայերէն կ՚ուզեն սորվիլ, հետեւաբար մօտաւորապէս 15 տարի առաջ որոշուեցաւ ուսանողին ընտրութիւն տրամադրել՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միջեւ. նախապէս միայն արեւմտահայերէն էր, երկրորդ տարիէն կային արեւելահայերէնի դասեր, սակայն երբ ուսանողը լիսանսի ամբողջական ծրագրին կ՚արձանագրուի, երկրորդ տարիէն՝ պարտադիր արեւմտահայերէն եւ գրաբար պէտք է սորվի:

Համալսարանական ամբողջական ծրագիր մը կայ, այսինքն լեզուն չի դասաւանդուիր միայն որպէս գործիք, այլ՝ գիտութիւն, բայց այդ ընտրութիւնը կը ձգենք պարագաներուն, որովհետեւ ունեցած ենք աշակերտներ, որոնք ըսած են, թէ վեց ամիսէն Հայաստան պիտի երթան աշխատելու եւ կ՚ուզեն հայերէն սորվիլ: Նախ արեւմտահայերէն կը սորվեցնէինք, բայց ատիկա ձեւով մը չէր արդարանար այլեւս Հայաստանի անկախացումէն ետք:

-Ուրեմն այն ուսանողը որ կ՚արձանագրուի, պէտք է մինչեւ վկայուիլը երեք ճիւղերն ալ ուսանի։

-Այո՛, սակայն եթէ արեւմտահայերէնով սկսի, մենք իրեն կը բացատրենք, որ իր զօրաւոր տարբերակը արեւմտահայերէնը պիտի մնայ, հետեւաբար երբոր ինքը պիտի հետեւի արեւելահայերէնի դասերուն, այնտեղ պիտի սորվի քերականութիւն, հնչիւնաբանութիւն, տարբերութիւնները երկու տարբերակներուն միջեւ եւ այլն, այսինքն պիտի մնայ արեւմտահայախօս:

-Ինքնին ուսանողներուն համար հա՞րց է այս լեզուաճիւղերէն մէկը ընտրելը, թէ՞ իրենք յստակօրէն գիտեն: Կա՞ն, որ կը տատամսին։

-Երբեմն բաւական տեղեկութիւն չունին ընտրելու համար, երբեմն ըստ բախտի կամ պատահմամբ կ՚ընտրեն մէկ կամ միւս ճիւղը, բայց երբ լիսանսի աշակերտ են, գիտեն որ յաջորդ տարին երկրորդին պարտադրաբար պիտի հետեւին, ուստի անոնց համար շատ մեծ տարբերութիւն մը չ՚ըներ:

-Մէկ բան պէտք է շեշտենք, թէ քանի որ ֆրանսական համալսարան է, դասաւանդութիւնը տեղի կ՚ունենայ ֆրանսերէնով եւ հայերէնի ուսուցման պահուն է որ օրէնքները կը բացատրուին արեւմտահայերէնի կամ արեւելահայերէնի համար: Միայն լեզուի ուսուցման տեղ չէ INALCO-ն, այլ նաեւ մշակոյթի, պատմութեան եւ այլն, որոնք ֆրանսերէնով կը դասաւանդուին, չէ՞։

-Այո՛, բացի գրականութեան դասէն, որ երկրորդ տարիէն սկսեալ հայերէնով կը դասաւանդուի: Անշուշտ պէտք է շեշտել, որ մեր ուսանողութեան տեսակը շատ այլազան է, այսինքն գրեթէ չունինք երկու հոգի որ իրարու կը նմանին, նոյնիսկ Հայաստանէն եկած աշակերտներուն պարագային՝ կը զգաս, որ սփիւռքացումի ընթացք մը կայ, որովհետեւ առաջ երբ կու գային, ամէն մարդ նոյն բանը գիտէր: Հիմա կան ոմանք մինչեւ ութ տարեկան ապրեր են հոն, ոմանք՝ մինչեւ 18, ոմանք՝ մինչեւ 28, այնպէս որ՝ անկարելի է նոյն բանը գիտնան: Հետեւաբար այդ աշխատանքը որոշ ճկունութիւն կը պահանջէ: Խումբերը երբեք միատարր չեն, ինչ որ առաւելութիւն մըն է եւ՝ անպատեհութիւն մը: Երբեմն ատիկա շինիչ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, երբեմն ալ՝ յուսահատական:

-Ասիկա ձեւով մը նաեւ համաշխարհայնացմա՞ն հետեւանքներէն է։ Ի՞նչ են հետեւանքները համաշխարհայնացման, թուային աշխարհին։

-Ես ամենէն կասկածով մօտեցողներէն էի այդ հարցին եւ շատ չէի փափաքեր առցանց դաս ընել, բայց կարծիքս ամբողջովին փոխեցի, որովհետեւ տնափակման ժամանակ ստիպուած այդ դասերը առցանց սկսանք ընել եւ քանի որ առցանց պահերու ընթացքին ունիս համացանցէն օգտուելու հնարաւորութիւն, շատ մը բաներ կրնաս ընել, զորս դասարանը միայն գրատախտակով եւ կաւիճով չես կրնար ընել, նոյնիսկ արեւմտահայերէնով ահագին նիւթեր կարելի է հրամցնել աշակերտին եւ շատ դիւրութեամբ. ատիկա բաւական լաւ արդիւնք տուաւ: Ասոր կրնամ աւելցընել որ Անահիտ Տօնապետեանը ստեղծեց միջազգային մասթըր մը, ԻՄԱՍ (International Masters of Armenian Studies), որուն կը մասնակցին ամբողջ աշխարհէն ուսանողներ, այդ դասերը բոլորովին առցանց են եւ ամբողջովին արեւմտահայերէն: Ունինք երկու դասախօս, որ արեւելահայերէն կը դասաւանդեն, բայց շեշտը արեւմտահայերէնին վրայ դրուած է: Ուսանողները ամբողջ ծրագրին կը հետեւին հայերէնով, կը գրեն հայերէն: Այդ դասերը շատ հաճելի են եւ շատ տարբեր՝ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող դասաւանդումէն:

-Առցանց երկու տարուան այս ծրագրին մասնակցելու համար պէտք է դիմո՞ւմ ներկայացնել եւ որոշ մակարդա՞կ մը ունենալ հայերէնով հասկացողութեան, ըմբռնումի, արտայայտութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ արձանագրուիլ։

-Այո՛, մենք կը նայինք թէ ուսանողը ո՞ւր սորված է հայերէնը, ինչպէ՞ս սորված է: Նամակ մը գրել կու տանք, չենք պարտադրեր որ հայերէնով գրուի, բայց յաճախ ալ կը տեսնենք որ հայերէնով գրուած է: Երբ չկարենանք սկիզբէն կողմնորոշուիլ, Zoom-ով հանդիպում կ՚ունենանք ուսանողին հետ, ճշդելու համար անոր հայերէնի իմացութեան մակարդակը:

-Եւ այս դասընթացքը միայն հայերէնով տեղի կ՚ունենայ, քանի միջազգային է, ուրեմն հասարակաց լեզուն հայերէն պէտք է ըլլայ։

-Որովհետեւ չունինք ուրիշ հասարակաց լեզու, այսինքն մշակոյթին ծանօթանալու լեզուն, պատմութեան եւ այլն, սակայն չենք պարտադրեր, որ իրենք արեւմտահայերէն գրեն։ Բայց քանի որ պատ մըն ալ չկայ երկու աշխարհներուն միջեւ, կարգ մը մարդիկ, օրինակ՝ անոնք որոնք երկար տարիներէ ի վեր սփիւռքի գաղութներէն մէկը կ՚ապրին, որոնց նախնիները հայրենադարձ եղած են եւ իրենք ընդհանրապէս ընտանեկան պարագաներու բերումով առընչուած են արեւմտահայերէնին հետ, հետեւաբար իրենց բնաւ օտար չէ այդ տարբերակը, սկսած են արեւմտահայերէնով գրել, կարդալ եւ այլն:

-Այս մասթըրի դասընթացքը յաջողութիւն գտա՞ծ է։

-Երրորդ տարին է, որ կ՚ընենք եւ ունինք մօտ 55-60 հետեւող ուսանողներ: Երկու հոգի աւարտած է, բաւական խանդավառող ծրագիր մըն է:

-Եթէ ուզէինք ձեւով մը բացատրել, ի՞նչ է INALCO-ի իւրայատկութիւնը բաղդատած միւս համալսարանական կառոյցներուն, միւս հայկական ամպիոններուն...

-Մեր ուսումը ներկայացնող գրքոյկին ներածականին մէջ գրուած է, որ INALCO-ն ամենաամբողջական հայագիտական ծրագիրն է Հայաստանէն դուրս: Ունինք արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, գրաբար, միջնադարեան պատմութիւն, արդի պատմութիւն, արուեստի պատմութիւն եւ այլն, այսինքն չկայ աշխարհի մէջ ամպիոն մը, ուր կ՚առաջարկուին այս բոլոր մասնագիտութիւնները:

-Հայկական դպրոցներուն հետ գործակցութիւն կա՞յ, հայկական հաստատութիւններէն եկող ուսանողներ կա՞ն, որ կ՚ուզեն հետեւիլ հայերէն դասընթացքներուն, ձեւով մը իբր շարունակութիւնը հայկական վարժարաններուն մէջ իրենց ստացած կրթութեան եւ գիտութեան։

-Փարիզի շրջանը չկայ լիսէ մը, ուրկէ ուսանողներ INALCO կու գան, այդքան շատ մեծ հետաքրքրութիւն չենք նշմարած. երբեմն կ՚ունենանք աշակերտներ: Ես տարիներով պաքալորէայի քննութիւններու (*) քննիչ ըլլալուս շնորհիւ, բերանացի ծանօթացումով կը խօսէի INALCO-ի մասին, հոնկէ ալ չեմ նշմարած եկողներ. թերեւս՝ հազուագիւտ: Աշակերտը անպայման INALCO չի գար, կ՚երթայ իրաւաբանութիւն կ՚ուսանի եւ զուգահեռաբար կու գայ INALCO-էն հայերէն դասի մը կը հետեւի, եւ իր հետեւած համալսարանը իբրեւ մինէօր (mineur) կ՚ընդունի այս մէկը: Այդ կարելիութիւնը կայ, բայց կարծես ծանօթ չէ բոլորին, որովհետեւ կ՚ենթադրեմ թէ մարդիկ ատիկա պիտի ուզէին ընել, այսինքն ամբողջ լիսանսի մը ժամանակ գտնելը աւելի դժուար է, քան մէկ կամ երկու դասի հետեւիլը, որ աւելի մատչելի է:

-Իսկ հայկական քաղաքական եւ մշակութային կառոյցներուն կողմէ հայ համայնքին մօտ հայերէն լեզուի իւրացումը քաջալերելու նախաձեռնութիւններ եղա՞ծ են։

-Հայերէնը պաքալորէայի քննութիւններուն մէջ պահպանելու համար եղած են։

Նշեմ նաեւ որ՝ պաքալորէայի աշակերտներուն ժողովները երբեմն INALCO-ի մէջ կազմակերպած ենք, որպէսզի ուսանողները տեսնեն եւ գիտնան, որ այսպիսի տեղ մը կայ, մի քանի անգամ գրադարանը ցոյց տուած ենք, որովհետեւ INALCO-ի մէջ 103 լեզու կը դասաւանդուի եւ այդ լեզուներուն բոլոր գիրքերը մէկ տեղ համախմբուած են եւ հայերէնը ունի այդտեղ բաժին մը: Ատրինէ Զինալեանը, որ այդ բաժնի պատասխանատուն է, ցոյց տուած է այդ բաժինը ուսանողներուն: Փորձած ենք նման բաներ ընել, պարզապէս պէտք է կրկնել, որպէսզի արդիւնքի հասնինք:

________

(*) Պաքալորէայի մասին կը խօսուի, բայց այդ քննութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի նոյն ձեւով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2023