ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԻՒՆ, ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՐԱՇՔ…

Գեղեցկութիւններն ու անոնց ընկալումը, անշուշտ, խիստ ենթակայական է։ Ուղիղ համեմատութեան մէջ, շատ յարաբերական են նաեւ հաճոյքն ու բաւարարութիւնը։ Մարդկային կեանքի ելեւէջներուն մէջ երբեք չի պակսիր ամէն զգացումի, ամէն ընկալման կամ սահմանման հակառակը։ Սա ալ օրինաչափութիւն է, միանշանակ։

Ամէն մարդ հետամուտ է իր հրաշքը կերտելու։ «Կեանքը երկու ձեւով կ՚ապրուի. կա՛մ այնպէս, որ բնաւ հրաշք գոյութիւն չունի եւ կամ այնպէս, որ ամէն ինչ հրաշք է», կ՚ըսէ Ալպերթ Այնշթայն։

Մարդ որքան որ ալ յաջողի սեփական հրաշքները կերտել՝ կը ձգտի նորերուն։ Սա միայն նիւթեղէն ձեռքբերումներու չի վերաբերիր, այլեւ՝ մարդկային յարաբերութիւններուն եւ մասամբ նորին։ «Մեծ անձնաւորութիւնները հրաժեշտ տալով կը մեկնին, իսկ փոքրերը՝ դաւաճանելով», կ՚ըսէ Լաօ Ծու։

Կեանքի բոլոր ելեւէջներն ու հակասութիւններն ալ կարծես, իրենց կարգին, ունին հերթականութիւն մը. թէեւ անսպասելիօրէն, բայց շրջանառութեան մէջ կը մտնեն զանազան փուլերու մէջ։ Առաջին հայեացքով մարդ անակնկալի կը մատնուի՝ մինչ զանազան ժամանակներու մէջ, զանազան մեծերու կողմէ կատարուած բանաձեւումները կը մատուցեն որոշ բանալիներ կամ կու տան որոշ ազդանշաններ։ «Իսկական հասունութիւնն է՝ գիտնալ տեղը ժամանակին լքելը, միայն անճարակները կը յամառին մնալու համար», կ՚ըսէ Վիքթոր Հիւկօ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2023