ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄՕՏ ԵՐԿՈՒ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՏԵՂԵԿԱԳՐԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին մօտ եր­կու տե­ղե­կագ­րեր պատ­րաս­տուե­ցան հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ։ «Միլ­լի­յէթ» օ­րա­թեր­թի ե­րէ­կուան հա­ղոր­դում­նե­րով, խորհր­դա­րա­նի հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քին կող­մէ պատ­րաս­տուած են այս տե­ղե­կագ­րե­րը, ո­րոնց­մէ մին կը վե­րա­բե­րի հա­յոց Սփիւռ­քին, իսկ միւ­սը՝ հայ­կա­կան հար­ցի կա­պակ­ցու­թեամբ կող­մե­րու պնդում­նե­րուն եւ դիր­քո­րո­շում­նե­րուն։ Յի­շեալ թեր­թը կը գրէ, որ ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին պատ­րաստուած այս տե­ղե­կագ­րե­րուն մէջ տեղ գտած են յատ­կան­շա­կան նշում­ներ։

Հա­յոց Սփիւռ­քին վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կագ­րին մէջ շեշ­տուած է, որ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ֆրան­սա­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­յե­րը կազ­մա­կեր­պուած են աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն ներս։ «Հա­յոց Սփիւռ­քը» խո­րագ­րեալ տե­ղե­կագ­րին բո­վան­դա­կու­թեան մէջ մատ­նան­շուած է, որ ի­րենց հաս­տա­տուած եր­կիր­նե­րէն ներս չձու­լուե­լու նպա­տա­կով, հայ­կա­կան ինք­նու­թեան կո­րուս­տը կան­խե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Սփիւռ­քը միշտ տե­ղա­հա­նու­թեան տա­րի­նե­րու յի­շո­ղու­թիւ­նը պա­հել կեն­դա­նի եւ զայն նոր սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լով՝ հա­սա­րա­կաց ան­ցեա­լի մը շուրջ հա­մախմբ­ման հաս­նե­լու։ Այս­պէս, Սփիւռ­քը մաս­նա­ւոր կա­րե­ւո­րու­թիւն կը վե­րագ­րէ հա­յոց լե­զուի, մշա­կոյ­թի եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու տե­ւա­կա­նաց­ման նկատ­մամբ։ Ըստ նոյն տե­ղե­կագ­րին, 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու յի­սու­նե­րորդ տա­րե­լի­ցին՝ 1965 թուա­կա­նին Սփիւռ­քի հա­յե­րը նկա­տե­ցին, թէ զա­նա­զան մշա­կոյթ­նե­րու տէր, հա­յե­րէ­նէ դուրս լե­զու­նե­րով հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ ապ­րող նոր սե­րուն­դը սկսած է ձու­լուիլ, Մայր Հա­յաս­տա­նի հետ կա­պե­րը սկսած են տկա­րա­նալ եւ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը սկսած է նա­հան­ջել։ Այս պատ­ճա­ռով, ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ պնդում­նե­րը տե­ղա­փո­խուած են մի­ջազ­գա­յին դաշտ։ Հա­յոց Սփիւռ­քին կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան պնդում­նե­րը, հա­տուց­ման ու տա­րանց­քա­յին պա­հանջ­նե­րը, հա­կաթր­քու­թիւ­նը կ՚օգ­տա­գոր­ծուին որ­պէս մի­ջոց՝ Հա­յաս­տա­նէ դուրս բնա­կող հա­յե­րը հա­մա­խումբ պա­հե­լու եւ ա­նոնց ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Նոյն տե­ղե­կագ­րին մէջ մատ­նան­շուած է, որ հայ­կա­կան Սփիւռ­քը դար­ձած է աշ­խար­հի ա­մե­նա­զօ­րա­ւոր եւ ա­մե­նաազ­դու սփիւռք­նե­րէն մին։ Հրեա­նե­րու սփիւռ­քէն վերջ, հայ­կա­կա­նը կը դա­սուի աշ­խար­հի երկ­րոր­դը՝ իր լո­պին­կի կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015