ԶՕՐ. ԷՕԶԷԼԻ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Նէճ­տէտ Էօ­զէլ շա­բա­թա­վեր­ջին ար­ձա­կուր­դի մեկ­նե­ցաւ՝ են­թար­կուած ըլ­լա­լով վի­րա­հա­տու­թեան։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ան տասն­հինգ օրուան հա­մար մեկ­նած է ար­ձա­կուր­դի։ Նոյն հա­ղորդ­ման մէջ նշուե­ցաւ, թէ այդ շրջա­նի ա­ւար­տին ան պի­տի վե­րա­դառ­նայ իր պաշ­տօ­նին գլու­խը եւ զին­քը պի­տի փո­խա­րի­նէ Ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար Հու­լու­սի Ա­գար։

Նէճ­տէտ Էօ­զէլ վեր­ջերս են­թար­կուած էր վի­րա­հա­տու­թեան։ Ան­ցեալ Հինգ­շաբ­թի Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու փու­թա­ցած էր այ­ցե­լու­թեան՝ մաղ­թե­լու հա­մար ա­րագ ա­պա­քի­նում։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն ալ հե­ռա­ձայ­նով իր ա­պա­քին­ման մաղ­թանք­նե­րը փո­խան­ցած էր Էօ­զէ­լին։

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ գրի առ­նուած ա­ղեր­սագ­րե­րու բո­վան­դա­կու­թեան մէջ ան­պայ­ման նշուած կ՚ըլ­լան ժամ­կէտ­ներ։ Իսկ Նէճ­տէտ Էօ­զէլ այս պա­րա­գա­յին ա­ռանց ժամ­կէտ նշե­լու յայտ­նած է, որ իր պաշ­տօ­նը կը փո­խան­ցէ զօ­րա­վար Ա­գա­րի։ Այս ե­րե­ւոյ­թը պատ­ճառ դար­ձած է զա­նա­զան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու։ Յա­ռա­ջի­կայ Օ­գոս­տո­սին նա­խա­տե­սուած Բարձ­րա­գոյն զինուո­րա­կան խոր­հուր­դէն վերջ Նէճ­տէտ Էօ­զէլ ար­դէն պի­տի կո­չուէր հանգս­տեան։ Սա­կայն այդ ժո­ղով­նե­րու նա­խօ­րեա­կին զու­գա­դի­պած իր ներ­կայ քայ­լը հան­րա­յին կար­ծի­քին կող­մէ չ՚ըն­կա­լուիր միան­շա­նակ։ Ազ­գա­յին Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Իս­մէթ Եըլ­մազ թէեւ տե­ղե­կա­ցուց, որ ար­տա­սո­վոր ե­րե­ւոյթ մը խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ, սա­կայն զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ կը մատ­նան­շուի, թէ Նէճ­տէտ Էօ­զէլ փա­փա­քած է կարգ մը ա­ն­հանգս­տու­թիւն­ներ ար­տա­յայ­տել։ Մաղ­ձա­պար­կի գոր­ծո­ղու­թեան են­թար­կուած Էօ­զէ­լի այս քայ­լը այն­պէս կը մեկ­նա­բա­նուի, թէ ան ան­հանգս­տու­թիւն ու­նի վեր­ջին շրջան­նե­րուն զի­նուո­րա­կան­նե­րու դէմ կա­տա­րուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ շարք մը զի­նուո­րա­կան­նե­րու ձեր­բա­կալ­ման ե­րե­ւոյթ­նե­րուն բե­րու­մով։

Վար­չա­պե­տա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը յայտ­նե­ցին, թէ Էօ­զէլ տասն­հինգ օր վերջ պի­տի վե­րա­դառ­նայ իր պաշ­տօ­նին գլու­խը։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015