ԷՎՐԷՆ ՄԱՀԱՑԱՒ
Հանրապետութեան 7-րդ նախագահ Քէնան Էվրէն շաբաթավերջին կնքեց իր մահկանացուն՝ 98 տարեկան հասակին։ Երեք տարիէ ի վեր Անգարայի մէջ, «Կիւլհանէ» զինուորական բժշկական ակադեմիոյ մօտ դարմանման տակ էր Քէնան Էվրէն, որու առողջական վիճակը շաբաթավերջին վատթարացաւ անշրջադարձելիօրէն եւ ան հրաժեշտ առաւ կեանքէն։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ եզակի դէմք մըն էր Քէնան Էվրէն, որ 12 Սեպտեմբեր 1980 թուականի պետական հարուածը իրականացնող հրամանատարներու խումբին գլուխը կը գտնուէր՝ որպէս շրջանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը։ Երեք դուստրի տէր Քէնան Էվրէն 1982 թուականին կազմակերպուած հանրաքուէով Սահմանադրութեան ընդունման զուգահեռ՝ դարձած էր հանրապետութեան 7-րդ նախագահը։ Իր գլխաւորութեամբ իրականացուած 1980 թուականի պետական հարուածը երկրի ընթացքին վրայ գործած էր խոր ազդեցութիւն։ Թուրքիոյ մօտաւոր անցեալի պատմութեան ամենատխուր դրուագները կ՚առընչուին այդ միջամտութեան հետ։ 12 Սեպտեմբերէն երեսուներկու տարի անց իր դէմ բացուած դատին հետեւանքով Քէնան Էվրէն ապրած էր դժուար օրեր եւ հիւանդանոցի սնարէն հեռակայ կապով ցուցմունքներ տուած՝ դատակազմին։ Այդ դատավարութեան արդիւնքին ան ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր, սակայն այդ վճիռը վերջնականօրէն չէր հաստատուած, որովհետեւ Վճռաբեկ ատեանին մօտ կը գտնուի ներկայիս։
Այս նոյն հանգամանքին բերումով ալ Քէնան Էվրէն ներկայիս կը պահպանէ իր բոլոր տիտղոսներն ու հանգամանքները, իբր այդ պետական արարողակարգին մէջ նախատեսուած հանդիսութիւնով մը պիտի կատարուի իր յուղարկաւորութիւնը, որու կազմակերպման համար աշխատանքի ձեռնարկած են պատկան մարմինները։