ՌԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
21-22 Մայիս թուականներուն Ռիկայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵՄ-ի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ այս գագաթաժողովին շրջագծով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ։ «Ռիկայի մէջ տեղի պիտի ունենայ նախագահներու կամ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը։ Սա կը համապատասխանէ բանակցութիւններու Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին, որուն չի մասնակցիր Եւրոմիութիւնը», նշեց ԵՄ-ի պաշտօնեան, որ չփափաքեցաւ ներկայանալ։
Այս կապակցութեամբ, իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեանն ալ նոյնպէս «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտնեց, որ առայժմ հաւանական բանակցութիւններու մասին տեղեկութիւն մը չկայ, չէ յայտարարուած նաեւ, թէ Հայաստան ի՛նչ մակարդակով պիտի մասնակցի Ռիկայի գագաթաժողովին։