ՓԱՅԼՈՒՆ ԶՕՐԱՀԱՆԴԷՍ

Շա­բա­թա­վեր­ջին Մոս­կուա­յի մէջ պատ­մա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Բ. աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին Կար­միր բա­նա­կին կող­մէ նա­ցի­նե­րուն դէմ տա­րուած յաղ­թա­նա­կին 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ։ Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու տան­տէրն էր Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին։ Կար­միր հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ փայ­լուն զօ­րա­հան­դէս մը, որ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լին կող­մէ կը մեկ­նա­բա­նուի որ­պէս ու­ժի ցոյց։ Փու­թի­նի ու­շագ­րաւ հիւ­րե­րու շար­քին էին Չի­նաս­տա­նի եւ Հնդկաս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րը։ Յո­բե­լեա­նին առ­թիւ Մոս­կուա փու­թա­ցած էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ։ Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ծրա­գի­րը տա­րա­ծուած էր ամ­բողջ շա­բա­թա­վեր­ջին վրայ։ Թէեւ ոչ զօ­րա­հան­դէ­սին, սա­կայն յո­բե­լեա­նին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ։ Քրէմ­լի­նի պա­լա­տին մէջ ան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Փու­թի­նի հետ։

Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Փու­թին ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ փո­խան­ցեց աշ­խար­հին։ Ըստ ի­րեն, Բ. աշ­խար­հա­մար­տէն վերջ ձե­ւա­ւո­րուած հա­մաշ­խար­հա­յին կար­գե­րուն մէջ Ռու­սաս­տա­նին վի­ճա­կած է կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն եւ այդ ի­րա­ւուն­քը ան­կա­րե­լի է, որ ետ վեր­ցուի։ Ըստ Փու­թի­նի, Հիթ­լէ­րի ար­կա­ծախնդ­րու­թիւ­նը ծանր փո­խար­ժէք մը ու­նե­ցած է աշ­խար­հի տե­սա­կէ­տէ։ 20-րդ դա­րաս­կիզ­բին, 1930-ա­կան թուա­կան­նե­րուն քա­ղա­քա­կիրթ Եւ­րո­պան ճիշդ ժամ­կէ­տով չէ նկա­տած այդ վտան­գը։ «Այ­սօր ալ, եօ­թա­նա­սուն տա­րի անց, պատ­մու­թիւ­նը մե­զի դար­ձեալ կը հրա­ւի­րէ տրա­մա­բա­նու­թեան։ Մեր օ­րե­րուն ալ պէտք չէ մոռ­նալ, որ ազ­գի մը գե­րա­կա­յու­թեան ուղ­ղեալ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կին տե­ղի տուած էր հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի մը։ Ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լանք միա­բե­ւեռ աշ­խարհ մը ստեղ­ծե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն։ Կը տես­նենք, որ զի­նուո­րա­կան պլո­քի հաս­կա­ցու­թիւ­նը վերս­տին թափ կը ստա­նայ։ Այս բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը վնաս կը հասց­նեն հա­մաշ­խար­հա­յին կա­յու­նու­թեան», ը­սաւ Փու­թին։

Մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը կ՚ար­ձա­գան­գէ, որ զօ­րա­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ռու­սա­կան կող­մը շատ նոր զրա­հա­տե­սակ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած է։ Շքեր­թի մաս­նա­կից ա­ւե­լի քան 16 հա­զար զի­նուոր­նե­րու շար­քին կը գտնուէին Հա­յաս­տա­նէն, Ա-տըր­պէյ­ճա­նէն, Սպի­տակ Ռու­սիա­յէն, Ղա­զա­խիս­տա­նէն, Խրղը­զիս­տա­նէն, Հնդկաս­տա­նէն, Սեր­պիա­յէն եւ Չի­նաս­տա­նէն զի­նուոր­ներ։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ է, որ Փու­թին Մեր­քէ­լի հետ զրու­ցեց Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մին շուրջ։ Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պե­տը դի­տել տուաւ, որ եր­կու կող­մերն ալ կը խախ­տեն հրա­դա­դա­րը, ան­կա­րե­լի է ը­սել, թէ Մինս­քի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը պսա­կուած է յա­ջո­ղու­թեամբ, սա­կայն ու­րիշ ձեռք­բե­րում մըն ալ գո­յու­թիւն չու­նի։

Յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու ժա­մա­նակ, Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը Մոս­կուա­յի մէջ ծաղ­կեպ­սակ մը զե­տե­ղեց Կար­միր բա­նա­կի հա­յազ­գի յա­ռա­ջա­տար­նե­րէն Մա­րա­ջախտ Յով­հան­նէս Բաղ­րա­մեա­նի շիր­մին։

Բաց աս­տի, Սերժ Սարգ­սեան Մոս­կուա­յի մէջ հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Ե­գիպ­տո­սի Նա­խա­գահ Ապ­տիւլ Ֆէթ­թահ Էլ Սի­սիի հետ։ Զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րուե­ցաւ դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան վրայ հիմ­նուած հայ-ե­գիպ­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ զար­գա­ցումն ու այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն նոր լիցք հա­ղոր­դե­լու անհ­րաժեշ­տու­թիւ­նը։ Երկ­կող­մա­նի կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման ճա­նա­պար­հին նա­խա­գահնե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու աշ­խու­ժա­ցու­մը։ Սարգ­սեան յոյս յայտ­նեց, որ Էլ Սի­սիի ձեռ­նար­կած բա­րե­փո­խում­նե­րը, ո­րոնք ուղ-ղուած են Ե­գիպ­տո­սէ ներս կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման ու երկ­րի զար­գաց­ման, ար­դէն իսկ կու տան ո­րոշ ար­դիւնք­ներ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հիմ­քեր կը ստեղ­ծեն նաեւ հայ-ե­գիպ­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լու նախ­կին աշ­խու­ժու­թեամբ եւ ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով Էլ Սի­սի վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի մեծ զար­գա­ցում պի­տի ու­նե­նան ան­ցեա­լին բաղ­դատ­մամբ։ Ըստ ի­րեն, իր եր­կի­րը ան­ցած է բարդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէ մը եւ նա­խորդ տարուան ըն­թաց­քին Ե­գիպ­տո­սի մէջ շատ բան կա­տա­րուած է անվ­տան­գու­թեան ու կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Էլ Սի­սի դրուա­տի­քով խօ­սե­ցաւ ե­գիպ­տա­հայ հա­մայն­քին մա­սին ու նշեց, թէ հա­յոց նկատ­մամբ Ե­գիպ­տո­սի մէջ մշտա­պէս ե­ղած է եղ­բայ­րա­կան վե­րա­բեր­մունք։ Նա­խա­գահ­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին եգիպ­տա­հայ հա­մայն­քի դե­րը եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ընդգ­ծուե­ցաւ Ե­գիպ­տո­սի պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան մէջ մեծ դեր ու­նե­ցած ան­հատ­նե­րուն դե­րը, նե­րա­ռեալ ե­գիպ­տա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ ու Ե­գիպ­տո­սի ա­ռա­ջին վար­չա­պետ Նու­պար Փա­շան։

Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին եւ այլ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ 2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ շա­րու­նա­կուող ո­գե­կո­չում­նե­րուն։

 

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015