ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԿՈՉՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի 114-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը վեր­ջերս գու­մա­րուե­ցաւ Օ­հա­յօ նա­հան­գին մէջ։ Քլիվ­լըն­տի Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րէն ներս գու­մա­րուե­ցաւ թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը, ո­րուն զու­գա­հեռ տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մարն ու թե­մի կա­նանց հա­ւա­քը։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնց շրջագ­ծով մե­ծա­րուե­ցաւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան։ Այս­պէս, Ա­րե­ւե­լեան Թե­մէն ներս ան հռչա­կուե­ցաւ «Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րուան ան­դա­մը»։ Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն ի պա­տիւ կազ­մա­կեր­պուած պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թին ըն­թաց­քին Պերճ Սեդ­րա­կեա­նին հան­դի­սա­ւո­րա­պէս յանձ­նուե­ցաւ այս բարձր գնա­հա­տան­քի կոչ­ման վկա­յա­կան-յու­շա­նուէ­րը՝ ձե­ռամբ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի։ Այս առ­թիւ Պերճ Սեդ­րա­կեան հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քով մը։ Իր կար­գին, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւնն ալ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով։ Այս առ­թիւ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան նշեց, թէ Սեդ­րա­կեան ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ ծա­նօթ ղե­կա­վար մըն է իր խոր­հուրդ­նե­րով ու դա­տո­ղու­թիւն­նե­րով։

Հարկ է նշել, որ Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի նոյն հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին յանձ­նուե­ցան նաեւ այլ շարք մը պար­գեւ­ներ։ Պար­գե­ւատ­րեալ­նե­րու շար­քին կը գտնուէր նաեւ պատ­մա­բան Փրոֆ. Թա­նէր Աք­չամ։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016