ԻՎԵԹԱ ՄՈՒԿՈՒՉԵԱՆ ԱՆՑԱՒ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Շուէ­տի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ ար­դէն զգա­լի է «Եւ­րո­տե­սիլ 2016»ի եր­գի մրցոյ­թին ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սթոք­հոլ­մի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցոյ­թի ա­ռա­ջին կի­սաեզ­րա­փա­կի­չը, ո­րու ար­դիւն­քին Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ի­վե­թա Մու­կու­չեան յա­ջո­ղե­ցաւ անց­նիլ ա­ւար­տա­կան հանգ­րուան։ Մրցոյ­թի երկ­րորդ կի­սաեզ­րա­փա­կիչն ալ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ վա­ղը ե­րե­կո­յեան։ Այս Շա­բաթ՝ Մա­յի­սի 14-ին ալ նա­խա­տե­սուած է «Եւ­րո­տե­սիլ 2016»ի ա­ւար­տա­կա­նը։

Սթոք­հոլ­մի այս մեծ ժա­մադ­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Ի­վե­թա Մու­կու­չեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ար­ձա­նագ­րեց յու­սադ­րիչ յա­ջո­ղու­թիւն մը։ Ան օ­րե­րէ ի վեր ար­դէն ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ էր Սթոք­հոլ­մի մէջ, իսկ ե­րէկ յա­ջո­ղու­թեամբ մեկ­նա­բա­նեց իր եր­գը՝ «LoveWave»ն՝ եօթ թի­ւով։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ի­վե­թա Մու­կու­չեա­նի ա­ռըն­թեր ա­ւար­տա­կան հանգ­րուան բարձ­րա­նա­լու ի­րա­ւունք շա­հե­ցան նաեւ Ռու­սաս­տա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի, Հո­լան­տա­յի, Հուն­գա­րիոյ, Խրուա­թիոյ, Աւստ­րիոյ, Չե­խիոյ, Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի եւ Մալ­թա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

«Եւ­րո­տե­սիլ 2016»ի կար­գա­խօսն է. «Միա­ւո­րուինք»։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016