ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ՌՈՒՄԲ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ Տիարպաքըրի Պաղլար գաւառակին մէջ յարձակում մը կատարեց՝ ոստիկանական ծառայողական ինքնաշարժի մը վրայ։ Ռմբակոծման այս դէպքին հետեւանքով երեք հոգի զոհուեցաւ։ Ռումբով բեռնաւորուած ինքնաշարժով մը այս յարձակումը իրականացուեցաւ։ Պայթումին հետեւանքով վիրաւորուեցաւ 48 հոգի, որու 12-ը ոստիկան էր։ Ոստիկանական ծառայողական այդ ինքնաշարժը կը փոխադրէր շարք մը կասկածեալներ, որոնք ահաբեկչական յանցագործութիւն կատարելու պնդումով հսկողութեան տակ առնուած էին։ Ոստիկանական ինքնաշարժը զանոնք առողջական քննութեան համար հիւանդանոց տանելու ճանապարհին յարձակման թիրախ դարձաւ Տիճլէի պողոտային վրայ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ դպրոցի մը մօտակայքին, բարեբախտաբար աշակերտները պայթումէն շուրջ երկու ժամ առաջ արձակուած էին։
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց բարձր կոմիսարութիւնը պախարակեց ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան արարքները։ Նոյն առթիւ կոչ ուղղուեցաւ Թուրքիոյ՝ որպէսզի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ժամանակ աւելի յարգանք ցուցաբերէ մարդու իրաւանց նկատմամբ։