ՔԵՐԻ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ հերթական անգամ քննարկուեցաւ այս հարցը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային տեսակցութեան ընթացքին Լաւրով եւ Քերի անդրադարձան միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերուն։ Մոսկուայի աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ երկու նախարարները կանգ առած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակին վրայ։ Մինչ այդ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի երկայնքին կը շարունակուին լարուածութիւնները։ Հայկական աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, թէ երէկ գիշեր Ատրպէյճանի զօրքերը շարունակած են հրադադարի խախտումները։
Այս իրավիճակին մէջ, Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Ապրիլի սկիզբին պատահած լարուածութեան մագլցումը կրնայ կրկնուիլ։ Բացի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանէ, Զալպէր տեսակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ։ Բաց աստի, Եւրոմիութեան ներկայացուցիչը Երեւանի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զալպէրի հետ զրուցելու ընթացքին Սերժ Սարգսեան ներկայացուց իր տեսակէտները Ատրպէյճանի ապակառուցողական եւ ռազմատենչ կեցուածքին հետեւանքով իրավիճակի լարման եւ բանակցային գործընթացին առջեւ ստեղծուած խոչընդոտներուն գծով այդ երկրի դրդապատճառներուն մասին։ Սարգսեան անդրադարձաւ Ապրիլի ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին իրականացուած ռազմական յանցագործութիւններու փաստերուն ու շեշտեց, թէ այդ բոլորը անթոյլատրելի ու դատապարտելի են, ուստի անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան ու մասնագիտացեալ կառոյցներու համարժէք արձագանգը։ Հանդիպման ընթացքին նշուեցաւ հրադադարի խախտման դէպքերու հետաքննութեան դրութեան հաստատման ու վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները համակարծիք էին, թէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ երէկ հիւրընկալուեցաւ Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։ Ստեփանակերտի մէջ ան տեսակցեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Պաշտպանութեան Նախարար Լեւոն Մնացականեանի հետ։