ԳԱՅԻԱՆԷ ՊՐԷԻՈՎԱՅԻ ԽՈՀԱՐԱՐԱԿԱՆ ԳԻՐՔԸ
Գայիանէ Պրէիովայի «Խոհանոց Գայիանէ-ճան» գիրքը ընդգրկուած է համաշխարհային խոհարարական գիրքերու հեղինակաւոր «Gourmand 2017» մրցոյթի ցուցակին մէջ: Խոհարարական գիրքերու Gourmand մրցոյթը կ՚իրականացուի քսաներկու տարիէ ի վեր՝ խոհարարական աշխարհի մէջ համարուելով «Օսքար» մրցանակաբաշխութիւն։
Մրցոյթի հիմնադիրը Կուանտրօ ընտանիքն է (յայտնի լիքէօր եւ շամփայն): Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՚ունենայ ամէն տարի: «Անկեղծ խօսքով, նոյնիսկ չէի գիտեր, որ գոյութիւն ունի «կարճ-ցուցակ» հասկացութիւնը, սակայն գիրքը, դատակազմի կարծիքով, յայտնուած է աշխարհի խոհարարական երեք լաւագոյն գիրքերու շարքին եւ ես պէտք է մեկնիմ Չինաստան։ Մտքովս անգամ չէր անցներ», իր ուրախութիւնը յայտնած է Գայիանէն:
Գայիանէ Պրէիովա ծնած է Երեւան: 1994 թուականէն ի վեր կը բնակի Մոսկուա:
Իր ասպարէզին սկսած է իբրեւ մատուցողուհի, իսկ որոշ ժամանակ ան ստիպուած եղած է դուրս գալ ճաշարանային գործարարութենէն, սակայն, 1998-ին կրկին վերադարձած է իբրեւ կազմակերպող: Ան իր ամենամեծ հպարտութիւնը կը համարէ հայկական խոհանոցի ճաշատեսակներով Gayane՚s ճաշարանը: