ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԷԿ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ԵՒ ՌՈՒՀԱՆԻԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Այս տեսակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալով ստեղծուած իրավիճակը եւ տարածքաշրջանի ընդհանուր կացութիւնը։ Շօշափուեցաւ նաեւ Սուրիոյ տագնապի ընթացքը՝ մանաւանդ, որ այդ երկրէն ներս լարուածութիւնը վերստին կը ծաւալի։ Էրտողանի եւ Փութինի համոզմամբ, Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութիւնը իրականութեան մէջ դիւանագիտական յաջողութիւն մըն է, որ պէտք է պահպանուի։

Միւս կողմէ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Պրիւքսել՝ Եւրոմիութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ քննարկելու համար Ուաշինկթընի քայլերով պայմանաւորուած իրադրութիւնը։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ  Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալը սպառնալիք մըն է Մերձաւոր Արեւելքի կայունութեան դէմ։ Իսկ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ ընդգծեց, որ Եւրոպայի տեսակէտէ այլեւս անկարելի է պաշտպանութեան համար ապաւինիլ Միացեալ Նահանգներուն։

Ուաշինկթընի որոշումով պայմանաւորուած միջավայրին մէջ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ վերջին օրերուն կը պատահին բախումներ։

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018