ՎԱՐՉԱՄԵՔԵՆԱՆ ԿԸ ԲԱՆԻ

Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առաջին նիստը, որ գումարուեցաւ նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութենէն վերջ, ընդհանուր առմամբ, պետական վարչամեքենան կը բանի եւ ներքին քաղաքական անցումային շրջանը կը շարունակէ բնորոշել օրակարգը։ Հայաստանի առջեւ ներկայ պայմաններով ցցուած է բարդ անցումային շրջան մը եւ բազում հարցականներ կը շարունակեն մնալ անպատասխան։ Ակնյայտ է, որ ուժերու վերադասաւորում մը աստիճանաբար տեղի պիտի ունենայ երկրին մէջ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ խօսեցաւ կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելու մասին։ Մինչ այդ, իր նախաձեռնութեամբ եւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրերուն վրայ՝ կատարուեցան երկու կարեւոր նշանակումներ։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն նշանակուեցաւ Արթուր Վանեցեան եւ ոստիկանութեան պետ նշանակուեցաւ Վալերի Օսիպեան։ Այսպէսով առանցքային երկու պաշտօնատարներ փոխուած եղան երկրի ղեկավարութեան մէջ։ Ըստ վարչապետին, կարգ մը կարեւոր նոր նշանակումներու պարագային ալ քննարկումները աւարտած են։

Նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան հրահանգեց զինուորները ապահովել անհրաժեշտ բոլոր պարագաներով եւ որակեալ սնունդով։ Բաց աստի, ան նորանշանակ ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանէն պահանջեց՝ ըլլալ ժողովուրդի կողքին։ Կառավարութեան նիստին ընթացքին Փաշինեան ընդգծեց նաեւ, որ համալսարաններու խորհուրդներու ձեւաւորման գործընթացները այդքան ալ լաւ չեն, ուստի ինքնավարութիւն պէտք է տալ համալսարանական համակարգին։

Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ հանդիպեցաւ նաեւ խումբ մը ցուցարարներու հետ, որոնք իրենց բողոքը ներկայացնելու համար հաւաքուած էին կառավարութեան շէնքին առջեւ։ 

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018