ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՔԱՂԱՔԻՍ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

Մայիսի 9-ի՝ Եւրոպայի օրուան առթիւ, երէկ երեկոյեան, պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ, Պէյօղլու։ Եւրոմիութեան Թուրքիոյ պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Քրիստիան Պերկէրի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս երեկոյթը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Շարլ Ֆրի եւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր եւս ներկայ գտնուեցան՝ որպէս այս տարուան ընդունելութեան հիւրընկալ երկրի ներկայացուցիչներ, տանտէրներ։ Հրաւիրեալներու շարքին էին պետական այրեր, դիւանակալներ, դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն դէմքեր եւ այլ հիւրեր։

Ֆրանսական պալատի շքեղ պարպէզին մէջ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան դեսպան Ֆրի եւ դեսպան Պերկէր, որոնք շնորհաւորութիւններ յղեցին Եւրոպայի օրուան առթիւ, նաեւ կարեւորեցին ԵՄ-Թուրքիա համագործակցութեան խորացումը։

Բացօթեայ երեկոյթի տեւողութեան գործադրուեցաւ համերգային ծրագիր մը։ Մեցցօ-սոփրանօ Ատրիէն Հաան եւ դաշնակահար Պենժամին Շեֆէր ծափահարութիւններու արժանացան իրենց կատարումներով։

Պատրիարքական Աթոռին, Կրօնական ժողովին ու մեր համայնքին անունով, Եւրոպայի օրուան առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորութիւններ յղեց դեսպան Պերկէրին, դեսպան Ֆրիին եւ աւագ հիւպատոս Պիւշվալթէրին։

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019