ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Միջերկրականի մէջ երէկ խեղդամահ եղան առնուազն 70 ափրիկեցի ապօրինի գաղթականներ։ Այսպէս, հերթական անգամ ծանրակշիռ տեսարան մը պարզուեցաւ համայն մարդկութեան աչքին առջեւ՝ գաղթականներու առընչութեամբ։ Սա իսկական ողբերգութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցաւ Թունուսի ափերէն 40 մղոն հեռաւորութեան վրայ։ Ապօրինի գաղթականները փոխադրող նաւը ընկղմեցաւ եւ դէպքին զոհ գնաց առնուազն 70 հոգի։ «Պի.Պի.Սի.»ի կամ «Սփութնիք»ի նման միջազգային աղբիւրներ տեղեկացուցին, որ զոհերու թիւը 50 է, սակայն Թունուսի պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնը այդ թիւը յայտարարեց որպէս 70։ Միջազգային ջուրերու մէջ պատահեցաւ այս դէպքը եւ ընկղմած նաւուն մէջէն կարելի եղաւ փրկել 16 գաղթական։ Երբ նաւը խորտակուեցաւ, մերձակայ ձկնորսներ փորձեցին հասնիլ գաղթականներու օգնութեան։

ՄԱԿ-ի գաղթականաց կազմակերպութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով, Թունուսի մայրաքաղաքի հարաւին գտնուող Սֆաքսի մօտակայքին տեղի ունեցաւ այս ցաւալի դէպքը։ Այդ ընկղմած նաւը ճանապարհ դուրս եկած էր Լիպիայէն։ Գաղթականներու մեծամասնութիւնը Ափրիկէի խորքային երկիրներէն էին։ Միջազգային աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նաւի ընկղմելէն վերջ փրկարարական աշխատանքներուն մասնակցեցաւ նաեւ Թունուսի նաւատորմը։

Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, ներկայ տարեսկիզբէն ի վեր Միջերկրականի վրայով եւրոպական երկիրներ հասնիլ փորձելու ժամանակ զոհուած անձերու թիւը արդէն գերազանցած է 400-ի սահմանը։

Շաբաթ, Մայիս 11, 2019