ԱԼԻԵՒ ԵՐԷԿ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԱՒՐՈՎԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով աշխատանքային այցելութեան մը ձեռնարկած է դէպի Պաքու։ Ռուս նախարարին ուղեւորութիւնը սկսաւ երէկ եւ առաջին իսկ փուլին ան ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Լաւրով այսօր ալ բանակցութիւններ կը վարէ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու օրակարգին վրայ կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ փուլը եւ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ տնտեսական կապերու վերականգնման վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Սերկէյ Լաւրով Պաքու ուղեւորուած օրն իսկ՝ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։

Մինչ այդ, Իլհամ Ալիեւն ալ Լաւրովը հիւրընկալելէ անմիջապէս առաջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Սերկէյ Լաւրովի Պաքու այցելութեան ընդառաջ Իլհամ Ալիեւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց մէջ ընդգծեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը այլեւս այժմէական չէ։ «Որոշ քաղաքական գործիչներ կը խօսին գոյութիւն չունեցող կառոյցի՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին։ Եթէ մէկը կը փափաքի կարգավիճակ շնորհել մեր տարածքէն ներս ապրող հայերուն, ես դէմ չեմ, բայց թող անոնց համար լաւ տեղ մը գտնեն իրենց իսկ երկրին մէջ։ Ատրպէյճանի մէջ սա չ՚ըլլար։ Ուստի կ՚ուզեմ անոնց խորհուրդ տալ. մեզի մի՛ ջղայնացնէք եւ կարիք չկայ խօսելու որեւէ կարգավիճակի կամ հակամարտութեան մասին, որպէսզի լարուածութիւն չմտցնէք մեր յարաբերութիւններուն մէջ։ Եթէ անոնք ընեն նման յայտարարութիւններ, ապա պատասխանը կու տանք», յայտնեց Ալիեւ եւ ընդգծեց, որ հակամարտութիւնը լուծուած է։

Իլհամ Ալիեւի խօսքով՝ Ատրպէյճան այդ հարցը լուծած է ինքնուրոյն՝ թէ՛ ռազմադաշտի վրայ եւ թէ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ։ «Ատրպէյճանի տարածքէն ներս Լեռնային Ղարաբաղ անունով տարածքային միաւոր մը չկայ։ Հակամարտութիւնը լուծուած է եւ ես կը կարծեմ, թէ կարիք չկայ այս հարցին վերադառնալու։ Եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, թէ հիմնախնդիրը չէ լուծուած, ապա սա իր խնդիրն է», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ եթէ հակամարտութիւնը չլուծուած կը նկատուի, ապա կը նշանակէ, որ հրադադարի համաձայնութիւնը կորսնցուցա՞ծ է իր ուժը։ Ան ըսաւ, որ այդ բոլորը անհասկնալի են իրեն համար։ Ստորագրուածը հրադադարի փաստաթուղթ մը չէ՝ ինչպէս ոմանք կը փորձեն ներկայացնել։ «Թող բանան եւ տեսնեն, թէ քանի՞ յօդուած կայ այդ փաստաթուղթին մէջ։ Հրադադարի մասին միայն մէկ կէտին մէջ գրուած է։ Փաստաթուղթը կը պարունակէ նաեւ կէտեր, որոնք կապուած են հաղորդակցութեան ուղիներու բացման հետ։ Եթէ հակամարտութիւնը չէ լուծուած, ապա ի՞նչ հաղորդակցութեան մասին խօսք կրնայ ըլլալ։ Եթէ հակամարտութիւնը չէ լուծուած, ապա ինչո՞ւ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետները հանդիպում կ՚ունենան, ինչի՞ շուրջ կը պայմանաւորուին», ըսաւ Ալիեւ։

Միւս կողմէ, Պաքուի մէջ Լաւրովը հիւրընկալելէ առաջ Ալիեւ այցելեց Նախիջեւան, ուր մասնակցեցաւ Ջուլֆա-Օրտուպատ ճանապարհի բացման արարողութեան։ Կը հաղորդուի, որ ան ծանօթացաւ նաեւ այն աշխատանքներուն, որոնք այս շրջանին յառաջ կը տարուին Օրտուպատի երկաթուղիի կայարանէն ներս։

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021