ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԳՈՐԾԵԼԱՈՃ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը բարձր գնահատեցին ՄԱԿ-ի զանազան մասնագիտական կառոյցներուն եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։

Հեռախօսազրոյցի առանցքային նիւթերէն մին էր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս վերջին զարգացումներուն հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական իրադրութիւնը, Արցախի բնակչութեան ենթարկուած կացութեան մեղմացման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկումով հանդերձ։ Ներկայացնելով Արցախի դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած բռնութեան ընթացքին եւ անոր յաջորդած շրջանին ՄԱԿ-ի համապատասխան մասնագիտական կառոյցներու եւ Հայաստանի իրականացուցած աշխատանքները՝ դէպի Արցախ անխափան մարդասիրական մուտք ապահովելու ուղղութեամբ, Արա Այվազեան ընդգծեց, որ Պաքու կը շարունակէ մարդասիրական աջակցութեան հասանելիութեան հարցը քաղաքականացնելու եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը խաթարելու ուղղեալ իր գործելաոճը։

Անյապաղ լուծման կարօտ մարդասիրական հարցերու համատեսքէն ներս Արա Այվազեան ընդգծեց Ատրպէյճանի մէջ ի պահ դրուած գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հրատապ բնոյթը։

Արա Այվազեան եւ Անթոնիօ Կութերես անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ու պահպանման վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք ընդգծեցին այս ուղղութեամբ միջազգային ազդու դրութիւններու հաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Արա Այվազեան անընդունելի նկատեց վտանգուած մշակութային վայրերը միջազգային մասնագիտական առաքելութիւններու առջեւ փակելու ուղղեալ Ատրպէյճանի վարքագիծը։

Զրուցակիցները կարեւորեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերականգնումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Արա Այվազեան այս ամբողջին մէջ ընդգծեց նաեւ համանախագահութեան դերը պատերազմի հետեւանքներու հասցէագրման ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021