ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՀԱՆՃԱՐԻ ՄԸ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐԸ

Նկարիչ, քանդակագործ, գրող, դերասան, բեմադրիչ, թատերագիր, լուսանկարիչ, շարժանկարի դերասան, բեմանկարիչ, նկարազարդող, ակնագործ եւ գծանկարիչ Սալվատոր Տալի (լրիւ անունը՝ Սալվատոր Տոմինկօ Ֆելիփէ Խասինտօ Տալի ի Տոմենեք, Մարքիզ տէ Տալի տէ Փուպոլ) ծնած է 1904 թուականի մայիսի 11-ին, Սպանիայի Քաթալոնիա նահանգի Ֆիկերեզ քաղաքին մէջ։ Տակաւին մանկութեան Սալվատոր կը տարբերէր իր վարքով եւ բնաւորութեամբ։ Ան իր առաջին նկարը նկարած է տասն տարեկան հասակին։ 1921 թուականին ընդունուած է Սան Ֆերնանտոյի գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիա։ Նկարը, որ ներկայացուցած էր ընդունուելու համար, չէ ընդունուած փոքր ըլլալու պատճառով, բայց շատ բարձր գնահատուած է մասնագէտներու կողմէ։ Եւ անոնք Տալիին երեք օր պայմանաժամ տուած են նոր նկար մը ներկայացնելու համար, բայց Սալվատոր ներկայացուցած է նախորդէն աւելի փոքր նկար մը։ Այնուհանդերձ, բացառութեան կարգով, բացառիկ վարպետութեան համար Սալվատորը ընդունած են ակադեմիա։ Մատրիտի մէջ ուսանիլը ազդած է անոր սկզբնական մասնագիտական ժամանակաշրջանին կատարած նկարներու վրայ, որոնք եղած են զուտ ակադեմական ոճով։ Այդ ժամանակահատուածին ան ծանօթացած է Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի եւ Լուիզ Պունուելի հետ։

Տալիի առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է 1925 թուականի նոյեմբերին, Պարսելոնա քաղաքին մէջ։ Այդ տարիներուն ան նկարած է միայն ծովանկարներ։ 1926 թուականին զայն հեռացուցած են ակադեմիայէն՝ վատ վարքի պատճառով։ Այդ տարին ան առաջին անգամ գացած է Փարիզ, ուր ծանօթացած է Փիքասսոյին եւ Պրէօթոնի հետ եւ այդ ծանօթութիւնը սկիզբը դարձած է գերիրապաշտ ճանապարհը բռնելուն։ 1929 թուականէն սկսեալ ան լիովին ընկղմած է այդ ոճի մէջ։ Դարձեալ այդ տարիներուն Տալի ծանօթացած եւ ամուսնացած է Կալա Էլիուարի հետ, որ Տալիի յետագայ կեանքի մեծագոյն ներշնչումը դարձած է։

Տալին աջակցած եւ մասնակցած է գերիրապաշտութեան զարգացման, մեծապէս գովազդած է այդ ոճը. ոճի յառաջատարները յետագային զայն մեղադրած են չափազանց շահամոլ ըլլալու համար։ Տալիի այս ժամանակաշրջանի նկարները արտացոլած են տեսիլքային կերպարներ ու ամենօրեայ առարկաներ՝ անսպասելի կառուցուածքներու տեսքով. օրինակ՝ անոր յայտնի փափուկ ժամացոյցները «Յիշողութեան կայունութիւն» նկարին մէջ (1931 թուական, Նորագոյն արուեստի թանգարան, Նիւ Եորք)։

Տալիի արուեստը ծագում առած է գերիրապաշտական գեղագիտութենէն, ուր ան գտած է իրեն առաւել հոգեհարազատ յօրինանիւթերը։ Այն բոլոր իրերը, որոնք տեղափոխուած են Տալիի մէկ նկարէն միւսը, կը բանան հեղինակի ապրումներու աշխարհը։ Այդ բոլոր իրերը իրենց արտացոլքը գտած են նաեւ վէպերու եւ շարժանկարներու մէջ, որոնք Տալին նկարահանած էր Լուի Պիւնուելի հետ համատեղ. ինչպէս՝ «Անտալուզական շունը» (1928թ.), «Ոսկէ դար» (1930թ.)։ 1936 թուականին Տալի անսպասելի եւ ընդգծուած մասնագիտական շեղում կատարած է դէպի իտալական դասականութիւն։ 1940 թուականին Տալին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր ան ապրած է մինչեւ 1948 թուականը։ Իր արուեստի մէջ Տալին ներգրաւած էր ամենատարբեր աղբիւրներ՝ հոլանտական իրապաշտութիւն, իտալական պարոքքօ, վերացակ ոճ, փոփ-արթ։ Տալիի աւելի ուշ շրջանի նկարները, որոնք յաճախ կրօնական պիտակ կը կրէին, աւելի դասական են իրենց ոճի մէջ. օրինակ՝ «Քորփուս Կիփերքուպուս» (1954թ., Մեթրոփոլիթըն թանգարան, Նիւ Եորք) եւ «Վերջին ընթրիքը» (1955թ., Ազգային արուեստի թանգարան, Ուաշինկթըն)։

Տալիի նկարները կը բնորոշուին իրենց մանր գծանկարով եւ իրատեսական մանրամասնութիւններով եւ անշուշտ անբասիր գոյներով, որոնք եւս կը շեշտուին թափանցիկ ջնարակումով։ Տալին նկարահանած է նաեւ գերիրապաշտական շարժանկարներ, տպագրած է նկարազարդուած գիրքեր, զբաղած է նաեւ ոսկերչութեամբ, պատրաստած է թատրոնային բեմեր եւ հագուստներ։ Տալիի նկարչութեան զուգահեռ, կան անոր պալէի թատրերգութիւնները եւ շարք մը գիրքեր. ինչպէս՝ «Սալվատոր Տալիի գաղտնի կեանքը» (1942թ.) եւ «Հանճարի օրագիրը» (1964թ.)։ Տալիի կեանքն ու արուեստը դարձած էին կախարդական միաձուլում մը, որ նոյնպէս կարելի է հասկնալ վարպետի ստեղծագործութիւններէն։ Սալվատոր Տալին ներկայացուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի թանգարաններուն մէջ՝ Լոնտոն, Պազել, Կլասկով, Փարիզ, Շիքակօ, Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն եւ Ֆիլատելֆիա քաղաքներէն ներս։

Տալիի թատրոն-թանգարանը կը գտնուի Սպանիայի Ֆիկերեզ քաղաքը։ Սալվատոր Տալին իրագործած է իր վաղեմի երազանքը՝ զետեղելով արուեստի իր բացառիկ նմոյշները իր իսկ ծննդավայրի Հին թատրոնի շէնքէն ներս։ Թանգարանի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 1974 թուականին։ Յատկանշական է, որ թատրոնը վերանուանուած է Տորէ Կալատիա՝ ի յիշատակ Տալիի վաղամեռիկ կնոջ՝ Կալայի անունով։ Կառոյցի ամենագրաւիչ մասը՝ թափանցիկ, ցանցային կառուցուածքով գմբէթն է, որ ուշագրաւ ճարտարապետութեան մէկ մասն է, որ այսօր կը հանդիսանայ թէ՛ թատրոնի եւ թէ՛ Ֆիկերեզի խորհրդանիշը։ Տալիի թատրոն-թանգարանը, որու ճարտարապետն է Էմիլիօ Փերեզ Փիներօ, բոլորի ուշադրութիւնը կը գրաւէ կարմիր պատերու երկայնքով տեղակայուած հսկայ սպիտակ հաւկիթներու շարանով։ Մեծ ու բացառիկ արուեստագէտ Սալվատոր Տալիի մարմինը իր իսկ փափաքով կը հանգչի գլխաւոր ցուցասրահին մէջ, յատակի տակ, որպէսզի մարդկային շփումը ընդմիշտ մնայ վարպետի հետ։

Ան ունի բազմաթիւ պարգեւներ. Կաթոլիկ Իզապելի շքանշանի Մեծ խաչ, Քարլոս Գ.-ի շքանշանի Մեծ խաչի ասպետ, Քաթալոնիայի խորհրդարանի մետայլ եւ «Կերպարուեստի ոլորտի մէջ վաստակի համար» ոսկէ մետայլ։ Անդամակցած է. Գեղարուեստից ակադեմիա եւ Պելժիոյ գիտութիւններու, գրականութեան եւ կերպարուեստի թագաւորական ակադեմիա։

Աշխարհահռչակ սպանացին մահացած է 1989 թուականի յունուարի 23-ին, 84 տարեկան հասակին, իր ծննդավայրին մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021