ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆ

Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ քաղաքականութեան վերադարձած է երկրի երկրորդ նախագահը՝ Ռոպերթ Քոչարեան։ «Հայաստան» դաշինքը, որ կը գլխաւորուի Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ եւ որու հիմնադրութեան հռչակագիրը շաբաթավերջին հրապարակուեցաւ, այս փուլին առաջնահերթութիւն դարձուցած է Սիւնիքի մարզը։ Ռոպերթ Քոչարեան նշեց, որ ներկայիս Սիւնիքը իրենց պայքարի խորհրդանշանը կը հանդիսանայ։

Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքին մաս կը կազմեն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը։ Այս վերջնոյն կուսակցապետն է Սիւնիքի նախկին մարզպետ Վահէ Յակոբեան։ Այս կուսակցութիւնը ծնած է Սիւնիքի մարզէն ներս եւ այժմ տարածում կը գտնէ ամբողջ Հայաստանի մէջ։

Այս բոլորի լոյսին տակ Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ. «Երկիրը կանգնած է ծայրայեղ մարտահրաւէրներու առջեւ եւ անոնք ըստ էութեան կապուած են անվտանգութեան սպառնալիքներու հետ։ Երկիրը ունի կառավարման եւ տնտեսական ճգնաժամ։ Երկրին մէջ ակնյայտ է նաեւ ինքնութեան տագնապը։ Պէտք են ուժեր, մարդիկ, որոնք բաւարար չափով փորձառութիւն ունին այդպիսի մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար։ (…) Սիւնիքէն կախուած է՝ այս տարածքաշրջանին մէջ պիտի մնա՞նք գործօն, թէ պիտի դառնանք կցորդ։ Այստեղ վտանգները լուրջ են եւ կը կարծեմ Սիւնիքը այսօր մեր այս պահու պայքարի խորհրդանշանը կը հանդիսանայ»։

Ռոպերթ Քոչարեան արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ կը մատնանշէ նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ապագան բաւական մշուշոտ է։ Արդարեւ, ստորագրուած հրադադարի յայտարարութիւնը կ՚ենթադրէ, որ չորսուկէս տարի վերջ Ատրպէյճան կրնայ հրաժարիլ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերէն։ Այս համայնապատկերին վրայ ան լուրջ քննադատութիւններ հասցէագրեց իշխանութիւններուն եւ ըսաւ. «Նոյնիսկ ամենավատ երազին մէջ, ամենէն անյուսալի յոռետեսը չի մտածեր, թէ այս իշխանութիւնը կրնայ վերարտադրուիլ»։

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021