ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑՈՒԱԾ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳ

Երէկ պաշտօնապէս յայտնի դարձաւ, որ 20 յունիսին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին զուգահեռ՝ երկրէն ներս քաղաքական տագնապ մը յառաջացած է եւ ընդհանուր ակնկալութիւնը այն է, որ մօտալուտ ընտրութիւնները ճանապարհ պիտի հարթեն անոր յաղթահարման առջեւ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած իշխանութիւնները, որոնք հայոց պատմութեան ամենածանր փակուղիներէն մէկուն մատնած են երկիրը, ընդդիմադիր ալիքի սաստկացման բերումով, բաւական երկար տատամսելէ վերջ պարտաւորուեցան առնել համապատասխան որոշում մը։ Հայաստանի Սահմանադրութեան պահանջները բաւարարելու նպատակով, անհրաժեշտ ընթացակարգը կեանքի կոչուեցաւ իշխանութիւններու եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան միջեւ համաձայնեցուած, պայմանները նախապէս ճշդուած գործընթացով մը։ Փաշինեանի բոլոր ջանքերը կեդրոնացած էին՝ մինչեւ արտահերթ ընտրութիւն երկրին ղեկը իր ձեռքին պահելու նպատակին վրայ։ Ան որպէս վարչապետի պաշտօնակատար Հայաստանը պիտի առաջնորդէ արտահերթ ընտրութեան։ Բազմաթիւ իրաւաբաններ եւ սահմանադրագէտներ ծայր աստիճան վիճելի կը համարեն այս գործընթացին մէջ առնուած քայլերը, սակայն, գործնականօրէն ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւններով կը շարունակուի ամէն ինչ։ Գործադիր իշխանութեան առընթեր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններու պարագային ալ պարապութիւններ յառաջացած են երկրին մէջ։ Մասնագէտներ այս բոլորին առումով թէեւ ահազանգ կը հնչեցնեն, սակայն անդունդի եզրին յայտնուած պետութիւնը այս պահուն կը դիմագրաւէ սոյն անցումային շրջանի բոլոր դժուարութիւնները։

Խորհրդարանական ընդդիմութեան հետ համաձայնեցուած ձեւով Նիկոլ Փաշինեան վարչապետի պաշտօնէն հրաժարած էր 25 ապրիլին։ Ձեւական այս հրաժարականէն վերջ, ըստ Սահմանադրութեան, Հայաստանի Ազգային ժողովը պէտք է իրաւունքի ուժով երկու անգամ գումարուէր նոր վարչապետ մը ընտրելու համար։ Իշխանութեան եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան պայմանաւորուածութիւնը կը նախատեսէր, որ վարչապետի ոեւէ նոր թեկնածու չառաջադրուէր։ Վարչապետի թեկնածու կը մնար Նիկոլ Փաշինեան, սակայն իր ղեկավարած «Իմ քայլը» մեծամասնութեան խմբակցութիւնը զինքը արդէն չէր ընտրեր։ Այս բեմագրութիւնը նոյնութեամբ գործադրուեցաւ։ Փաշինեանի ձեւական հրաժարականէն վերջ խորհրդարանը անգամ մը 3 մայիսին ժողով գումարեց եւ չընտրեց վարչապետ։ Սահմանադրութիւնով անհրաժեշտ ընթացակարգը յարգելու համար՝ խորհրդարանը երէկ երկրորդ անգամ իրաւունքի ուժով ժողով գումարեց եւ դարձեալ չընտրեց վարչապետ։ Այսպէսով Հայաստանի Հանրապետութեան 7 գումարման Ազգային ժողովը երէկ իրաւունքի ուժով լուծարուեցաւ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ անմիջապէս ստորագրեց այն հրամանագիրը, որով խորհրդարանը արձակուեցաւ եւ 20 յունիսը հաստատուեցաւ՝ որպէս արտահերթ ընտրութեան թուականը։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ խորհրդարանի ամպիոնէն ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ հերթական անգամ վիճելի մեկնաբանութիւններով ու պնդումներով հանդէս եկաւ։ «Յայտնի շրջանակները կը փորձեն մեզ ներկայացնել որպէս թրքասէր, թրքամէտ եւ այսպէս շարունակ։ Այս ամբողջին մէջ կասկածի տակ կը դրուի խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ կառավարութեան վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ», ըսաւ Փաշինեան եւ նախընտրական մթնոլորտի մէջ յիշեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ 24 Ապրիլին կատարուած յայտարարութիւնը։ Սա անշուշտ այդ հարցը քարոզչական նպատակներով օգտագործելու երեւոյթ մըն էր։ Փաշինեան աւելցուց, որ սա ոեւէ մէկու յայտարարութիւնով չ՚որոշուիր, պատմական իրողութիւն մըն է։ Ըստ Փաշինեանի, հայերու եւ թուրքերու միջեւ թշնամանքը պատմական իրողութիւն մըն է, սակայն իրենք կ՚ըսեն ուրիշ բան մը։ «Այդ թշնամանքը պէտք է կառավարուի եւ մենք, այո, յստակ պիտի երթանք այդ ճանապարհով։ Կարելի չէ թոյլ տալ, որ այդ թշնամանքը անընդհատ անկառավարելիութեան դրսեւորումներով արտայայտուի», աւելցուց ան։

Երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան պնդեց, որ յետպատերազմեան շրջանին իշխանութիւնները երկիրը փրկած են քաղաքացիական պատերազմէ։ Այլ զանազան ոլորտներու վերաբերեալ յայտարարութիւններ ալ ըրաւ Փաշինեան, որ ըսաւ. «Այսօր կա՞յ երկիր մը, որու պետական կամ արտաքին պարտքը չ՚աւելնար։ Պարտքի նիւթէն պէտք չէ վախնալ։ Եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, եւս 1-2 միլիառ պարտք պէտք է առնել, ներդնել ապագայի մէջ»։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ իրենք հասած են կարեւորագոյն նպատակի մը, որով երկրի դատական համակարգը ինքը կը պայքարի իր անկախութեան եւ արդարութեան համար։

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021