ՀԱՐՈՒՍՏ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ երէկ հետաքրքրական ցուցահանդէս մը բացուեցաւ՝ Շուշիի հայկական տպագրութեան, գրականութեան եւ մամուլին վերաբերեալ։ Արցախի այս քաղաքէն ներս կատարուած հայկական մշակութային արտադրութեան ներկայացման ուղղեալ ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ։ Ծանօթ է, որ Արցախի վերջին պատերազմին զուգահեռ՝ Շուշի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է։ Այս ցուցահանդէսին գծով ներկայացուած ճոխ տեսանիւթերը կը ցոլացնեն, որ հայկական տպագրութիւնը 1828 թուականին սկիզբ առած է Շուշիի մէջ։ Այնտեղ հիմնադրուած հայկական տպարանը տարածքաշրջանէ ներս գրեթէ առաջինն էր՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հաստատուած տպարանին յաջորդած ըլլալով։ Հրատարակչական բեղուն աշխատանք տարուած էր Շուշիի մէջ՝ գիրքերով ու պարբերական մամուլով հանդերձ։

Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները այս առթիւ մամլոյ սպասաւորներուն բացատրեցին, որ Շուշիի ամենահին տպարանը հիմնադրուած էր մահտեսի Միրզաճան Յակոբեանի կողմէ։ Այդ տպարանը 54 գիրք հրատարակած էր։ Այսօր Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Անձեռնմխելի գրականութեան» բաժնէն ներս բոլորէն նմոյշներ կը պահուին։ Երէկ բացուած ցուցահանդէսն ալ կազմակերպուած է այդ իսկ բաժնին կողմէ։ Մինչեւ 1920-ական թուականները, շուրջ 100 տարի, Շուշիի մէջ հրատարակչական բեղուն գործունէութիւն ծաւալուած է՝ քաղաքի հինգ տպարաններուն միջոցաւ։ Աւելի վերջ, պատերազմական իրավիճակներու մէջ անխուսափելիօրէն ընդհատուած էր Շուշիի աննախադէպ մշակութային վերելքը։

Հայաստանի Ազգային գրադարանի պատասխանատուները յայտնեցին, որ թէ՛ գիտնականներու եւ թէ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ կը գտնուին Շուշիի մէջ իրականացուած հրատարակութիւններուն նմոյշները։

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021