ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ

Անգարա այս շրջանին իրերայաջորդ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանէն ներս իր յարաբերութիւններուն նոր կենսունակութիւն մը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Թուրքիա-Եգիպտոս առանցքին վրայ վերջերս արձանագրուած զարգացումներուն զուգահեռ, սոյն նախաձեռնութիւնները կու գան համալրուիլ Սէուտական Արաբիոյ ուղղեալ քայլերով։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ երկօրեայ այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Ռիատ, ուր կը հիւրընկալուի Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար իշխան Ֆայսալ պին Ֆարհան պին Ապտուլլահ էլ Սուուտի կողմէ։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքի քննարկման առընթեր, բանակցութիւններուն ժամանակ կարծիքի փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ։

Անգարա-Ռիատ յարաբերութիւնները փոթորկալից շրջանէ մը անցան՝ Իսթանպուլի մէջ, 2 հոկտեմբեր 2018 թուականին լրագրող Ճեմալ Քաշըքճըի սպանութեան դէպքով պայմանաւորուած զանազան հանգամանքներու հետեւանքով։ Բաց աստի, Սէուտական Արաբիա ճակատ մը ստեղծեց Քաթարի դէմ, որ բարւոք յարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ։ Վերջերս Քաթար-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած տագնապը յաղթահարուեցաւ։ Այս նոյն շրջանին կը զուգադիպի նաեւ Անգարա-Ռիատ ձիւնահալը։

Չավուշօղլուի այժմու այցելութենէն անմիջապէս առաջ, մօտաւոր անցեալին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին միջեւ տեղի ունեցած էր հեռախօսազրոյց մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021