ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի ղեկավարութիւնը վաղը պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Ղարիպաշվիլիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պիտի ընդունուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ հրապարակեցին այս այցելութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։

Երբ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ տարածքաշրջանէն ներս նոր մթնոլորտ մը ստեղծուած է, Երեւան-Թիֆլիզ առանցքին վրայ զուգահեռաբար թափ ստացած են շփումները։ Թէեւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Վրաստանի մէջ այս շրջանին առկայ են նաեւ ներքին քաղաքական դժուարութիւններ, սակայն, երկու հարեւանները կը շարունակեն քննարկումները՝ մանաւանդ, որ տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման հեռանկարները օրակարգի վրայ են։

Ղարիպաշվիլի մօտաւոր անցեալին պաշտօնական այցելութիւն մըն ալ տուած էր Պաքու։

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021