«ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏԻՆ»

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Պաքու Երեւանին առաջարկած է սահմանազատման յանձնաժողովը ստեղծել վարչապետի մակարդակով։ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին հանդիպման ընթացքին որոշուած էր սահմանազատման հարցերով եւ սահմանային անվտանգութեան համար յանձնաժողով մը ստեղծել։ Առաջին հանդիպումը նախատեսուած էր մինչեւ ապրիլի վերջը։ «Կրնամ նշել, որ մինչ հանդիպումը երկու հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է իմ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին միջեւ։ Այդ հեռախօսազրոյցներու ընթացքին Ատրպէյճան յանձնաժողովի կազմի վերաբերեալ ներկայացուցած է իր առաջարկները։ Պաքու առաջարկած է, որ յանձնաժողովը պէտք է կազմակերպուի այլ ձեւաչափով, այսինքն՝ անձը, որ պիտի գլխաւորէ յանձնաժողովը ըլլայ վարչապետի մակարդակով։ Տակաւին առաջին հեռախօսազրոյցի ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը սա ընդունեց ըմբռնումով՝ ըսելով, որ այս առաջարկը Երեւանի մէջ քննարկելու համար աւելի շատ ժամանակ պէտք է։ Աւելի վերջ, հայկական կողմը յայտարարեց, որ այդ առաջարկը ընդունելի է իրեն համար։ Կողմերուն միջեւ յանձնաժողովի կազմին վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն կայ։ Ատրպէյճան արդէն պատրաստ էր այդ հանդիպումը ապրիլին իրականացնել։ Երբ հայկական կողմը աւարտէ իր ընթացակարգերը, հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ», ըսաւ Պայրամով։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Խալաֆ Խալաֆովն ալ յայտնեց, որ Պրիւքսելի հանդիպման ժամանակ հայկական կողմը խաղաղութեան համաձայնագրի եւ սահմանազատման գործընթացի համար հաւանութիւն տուած է։ Խաղաղութեան բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Պաքուի՝ հինգ կէտէ բաղկացեալ առաջարկներուն հիման վրայ։

Փոխ-նախարարը անդրադարձաւ Ղազախի շրջանի եօթ գիւղերու (Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի համայնքներ) եւ Տիգրանաշէնի «վերադարձին»։ Ըստ իրեն, այս բոլորը պիտի իրականացուի սահմանազատման գործընթացի պահանջներուն համապատասխան։

«Այդ տարածքները Ատրպէյճանին  վերադարձնելու վերաբերեալ հարցերը պիտի լուծուին այժմու բանակցութիւններու արդիւնքին։ Հայաստան երբեք չի կրնար յայտարարել, որ այդ տարածքները Ատրպէյճանին չեն պատկանիր։ Արդարեւ, այդ տարածքներու Ատրպէյճանին վերադարձուելու պահանջը նախատեսուած է սահմանազատման գործընթացով, հարցը կը դիտարկուի այդ իսկ շրջանակին մէջ։ Կը քննարկուի այդ տարածքներու Ատրպէյճանին վերադարձուիլը», ըսաւ Խալաֆ Խալաֆով։

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2022